ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Լսուած եւ յաճախ կրկնուած առածը այսպէս չըսեր: Այլ ընդհակառակը, աւելի կարեկցական արտայայտութիւն ունի անիկա, երբ կը խրատէ ուրախացողին հետ ուրախանալ, ու մանաւանդ լացողին հետ՝ լալ: Բայց աշխարհը գլխավա՞յր դարձած է հիմա…:
Ուրախութիւնը մարդկային կեանքին համար էական է: Իսկ ոմանք այնքան անհրաժեշտ կը նկատեն այդ, որ կեանքի բոլոր երեւոյթները անոր կ՛առնչեն: Շատեր գիտեն թէ կեանքի մէջ ուրախ տրամադրութիւնը վերջնական լուծում չի բերեր կոտտացող ցաւերուն: Անիկա պարզապէս կը նմանի երեխայի շոր փոխելուն, որ որոշ ժամանակուան համար լուծում կը բերէ այդ հարցին: Քիչ ետք կացութիւնը նոյն եւ աւելի վատթար կրնայ ըլլալ…: Ուրախ տրամադրութիւնն ալ նոյնն է: Ոմանք նոյնիսկ իրենց պատահած ամէնէն վատ կացութիւնները ժպիտով կը դիմաւորեն, ու արհամարհանքով կը նային զիրենք տառապեցնող հարցերուն: Այսպիսով կը յուսան ինքնավստահութիւն շահիլ, եւ միւս կողմէ կեանքը «վերէն դիտել» իր բոլոր տարօրինակութիւններով: Այսպիսի անձերուն համար կարեւորութիւն չի՛ ներկայացներ մասնագէտ մորթաբաններուն հնչեցուցած այն ահազանգը, թէ շատ խնդուքը կրնայ կնճիռներ յառաջացնել մարդու դէմքին վրայ…: Ընդհակառակը, իրենց ամէնէն դժուար կացութեան մէջ ուրախ ըլլալ ու խնդալ գիտցող անձեր, երբ հայելիին դիմաց կենան, կրնան խնդալ իրենց դիմաց երեւցող մարդուն՝ իրենք իրենց, եւ այդպիսիով մեծ յոյսի մը ակնկալիքը կ՛ունենան կեանքէն:
Բժշկագիտութեան հնարած բոլոր դեղահատերը անպայման կողմնակի վնասներ կը պատճառեն, նոյնիսկ երբ տուեալ անհանգստութեան դարման բերեն: Մինչ խնդուքը այնպիսի դեղ մըն է, որ կողմնակի վնասներ չի պատճառեր: Ընդհակառակը, անիկա մեծագոյն շռայլութիւնը կարելի է նկատել ներկայ դարուն, որովհետեւ անիկա պատճառ կը դառնայ արեան շրջանառութեան աշխուժացման, թոքերու լայնացման, ջիղերու ելեկտրականացման, ուղեղին փակուած մազերակներու բացումին, եւ մեր ամբողջ ֆիզիքական դրութեան մաքրութեան ու կենդանացումին: Եթէ նկատած էք, բախտն ալ յաճախ կը ժպտի անոնց, որոնք կեանքի մէջ խնդալ ու ուրախանալ գիտեն: Բարեկամ մը կը խրատէր ըսելով, որ մարդ պէտք է կրցածին չափ խնդուք պատճառէ աշխարհին, որովհետեւ անիկա արդէն բաւարար չափով տխրելու եւ լալու երեւոյթներ ունի…: Լսուած խօսք է. «Խնդա՛ եւ աշխարհը քեզի հետ պիտի խնդայ. մտահոգութեանց մէջ ինկի՛ր, եւ առանձնութենէ տառապելով, շուտով պիտի մահանաս»: Խնդուքը լաւագոյն երաժշտութիւնն է, որ ցարդ մարդկային ականջը լսած ըլլայ, որովհետեւ անիկա հոգիին երաժշտութիւնն է:
Ամէն մարդ պէտք է սորվի քիչ մը ինք իր վրան խնդալ: Ասիկա այնպիսի միջոց մըն է ինքնասրբագրութեան, որ որեւէ դպրոցի մէջ կարելի չէ սորվիլ: Մարդ եթէ չսորվի քիչ մը ինք իր վրայ խնդալ ու ինքզինք խոնարհեցնել, կը նշանակէ թէ ժամանակը հասած է, որ ուրիշներ իր վրայ խնդան…: Ինքնադաստիարակութեան այս կերպին անծանօթ մարդիկ, սովորութիւն դարձուցած կ՛ըլլան միայն ուրիշներու վրայ խնդալ, մոռնալով որ իրենց կեանքին մէջ ալ անպայման սահուն գետիններ պիտի ըլլան ուշ կամ կանուխ:
Ներկայ կեանքին մէջ կարեկցութեան երեւոյթը սկսած է հազուադէպ դառնալ: Մարդասիրական տեղական թէ միջազգային կազմակերպութեանց մասին չէ՛ այստեղ խօսքը, այլ մարդ-մարդ փոխ յարաբերութեան, ու իրերօգնութեան մասին: Իւրաքանչիւր անձ իր բախտին ճակատագրուած ու լքուած մէկը չէ՛ այս կեանքին մէջ: կարեկցող մարդիկ, նոյնիսկ անծանօթ, տառապողին համար կրնան բախտ դառնալ ու փոխել անոր կեանքին ընթացքը իրենց քրիստոնէական սիրով ու զոհողութեամբ:
Սակայն, ներկայ կեանքի երեւոյթները տարբեր ազդանշաններ ցոյց կու տան: Ուրախ տրամադրութեան մէջ եղող եւ խնդացող մարդոց իրավիճակը շատ հաճոյք չի՛ պատճառեր յաճախ իրենց շրջապատին: Յանկարծ երբ բախտը ժպտի անձի մը եւ որոշ հարստութեան տիրանայ, ըլլայ ատիկա անշարժ կալուած թէ նիւթական այլ հարստութիւն, հաշտ աչքով չի՛ դիտուիր:
_ Ինչո՞ւ, ինչպէ՞ս, ուրկէ՞ իրեն, ինչո՞ւ իրե՛ն եւ ո՛չ մեզի:
Նման հարցումներով, թշնամական կեցուածքներ կը սկսին ծաւալիլ անձին շուրջ: Ահա նման պարագայի, ուրիշին ուրախութիւնը, տխրութիւն կը բերէ եւ կարգ մը մարդիկ ուրիշին հետ ուրախանալու փոխարէն, անոր ուրախութեան պատճառով կը տխրին:
Ինքնաքանդումի տանող այդ ընթացքը ի հեճուկս իրենց պիտի նկատէինք, եթէ մնային միայն իրենց այդ ինքնամաշեցման սահմանին մէջ: Սակայն, դժբախտաբար անոնք ո՛չ միայն ուրիշին ուրախութեամբ ուրախանալու պատրաստ հոգի չունին, այլ ընդհակառակը, պատրաստ են նաեւ վնաս հասցնելու ուրախացողին, անոր ուրախութիւնը տխրութեան փոխակերպելու վճռակամ ցանկութեամբ: Իսկ ի՞նչ պիտի ըլլայ արդիւնքը. մէկ բան՝ իրենց ուրախութեան պատճառ պիտի դառնայ անոնց լացն ու տրտմութիւնը…:
Ուրեմն ի՞նչ: Փոխե՞նք առածը ու նոր ձեւո՞վ կարդանք իբրեւ. «Ուրախացողը տեսնելով տխրիր, իսկ տխրողին համար՝ ուրախացիր»: Բնա՛ւ երբեք: Աշխարհը գլխիվայր չէ՛ դարձած: Անպայման որ կան մարդիկ, ու միշտ պիտի ըլլան, որոնք ուրիշին մեկնուած ձեռք պիտի դառնան ընկերութեան կեանքին մէջ: Ձեռք՝ որ պիտի դարմանէ ցաւերը, պիտի բուժէ վէրքերը, պիտի շոյէ վիրաւոր սիրտերը, վեր պիտի բարձրացնէ անկեալները, նիւթապէս պիտի օժանդակէ զրկեալներուն, պիտի պատսպարէ անտունիները, պիտի գգուէ որբերը ու պիտի խնամէ կարիքաւորները:
Օր մը, ծերունի մը, երիտասարդի մը յանդուգն արարքը տեսնելով իրմէ տկար անձին վրայ կիրարկուող, յանդիմանելով ըսաւ. «Տղա՛ս, սատկած իշուն դանակ զարնող շատ կ՛ըլլայ»: Այո՛, որովհետեւ կեանքի փորձառութիւնը սորվեցուցած էր այդ ծերունիին, իրեն համապատասխան ոյժ ունեցող մարդոց հետ միայն կռուի մտնել, սատկած իշուն դանակ զարնող «հերոս» նկատուելու փորձութենէն հեռու մնալու եւ ծիծաղելի չդառնալու համար:
Քրիստոնեայ մարդուն առաւելութիւնը կը կայանայ ո՛չ միայն միշտ ուրախ սիրտ ունենալուն մէջ, այլ ուրիշները ուրախ պահելու եղբայրասիրական արարքին մէջ: Իսկ ինչ կարելի է կոչել ուրիշներուն տխրութեան համար ուրախացող սիրտը, տակաւին անոր համար եզր մը կարելի չէ տալ, որովհետեւ ատիկա սովորական իմաստով ըմբռնուած նախանձէն տարբեր երեւոյթ մըն է՝ գեր-նախանձ, որ դիւային հեռանկարներու մասին պատկերացում կրնայ տալ մեզի:
Մենք պիտի մնանք հին առածին հաւատարմութեամբ՝ ուրախացողին հետ ուրախանալու, եւ լացողին հետ լալու վճռական որոշումը տալով: Կը հաւատանք որ Քրիստոսի ուսուցածը ա՛յս կերպի մարդասիրութիւն էր, այն յոյսով որ աշխարհը շատ աւելի խաղաղ ու երջանիկ միջավայրի մը պիտի վերածուի այսպիսով: