
Էջը Պատրաստեց՝ ՃՈՐՃ ԱՏՈՒՐԵԱՆ
Ծնած է 1898ին Թիֆլիս, Վրաստան: Անոր հայրը դրամատան տնօրէն էր: Մամուլեան իր մանկութեան եւ պատանեկութեան մէկ մասը կ՛անցնէ Փարիզ, ապա կը մեկնի Մոսկուա՝ իրաւաբանութեան ուսման հետեւելու համար. միեւնոյն ժամանակ, ան կը հետեւի Կոստանթին Սթանիսլավսքիի եւ Եւժենի Վախտանկովի «Մոսկուա Արուեստի թատրոն»ի դերասանական մարզումներուն: 1922ին, Լոնտոնի մէջ ան կը բեմադրէ իր առաջին թատերախաղը եւ յաջորդ տարի կը տեղափոխուի Ռոչըսթըր՝ Նիւ Եորք, ուր «Քոտաք»ի (Kodak) հիմնադիր Ճորճ Իսթմըն սկիզբը դրած էր օփերա-թատրոնի մը: Նիւ Եորքի մէջ իր կեցութեան երեք տարիներուն ընթացքին, Ռ. Մամուլեան կը բեմադրէ օփերաներ, ի միջի այլոց՝ Վերտիէն, Պիզէէն եւ Վակնըրէն, նախքան իր խոխադրուիլը Պրոտուէյ, ուր ան արդէն ճանչցուած էր ՏիւՊոզ Հէյուըրտի՝ «Փորճի»ի արտադրութեան պատճառաւ, 1927ին: Աւելի ուշ, 1935ին, Մամուլեան կը բեմադրէ «Փորճի էնտ Պես» թատերախաղի Ճորճ Կըրշուինի օփերայի տարբերակը:

1929ին, ան կը բեմադրէ իր առաջին շարժապատկերը՝ «Ըփլաուզ» (Applause), որ ձայնաւոր շարժապատկերներու (talkies) առաջիններէն էր, նաեւ՝ կը համարուի հիմնաքար մը, նկատի ունենալով անոր «քամերա»ի շարժումներու եւ ձայնի օգտագործման ձեւի նորարարութիւնները. այս արժանիքները գործածուեցան նաեւ իր 1930ականի բոլոր ժապաւէններուն մէջ, որոնց շարքին են՝ «Տաքթըր Ճեքիլ էնտ Մըսթըր Հայտ» (Dr. Jekyll and Mr. Hyde, 1931) եւ երաժշտական ժապաւէն «Լաւ Մի Թունայթ»ը (Love Me Tonight, 1932):
Անոր յաջորդ երկու ֆիլմերը՝ «Տը Մարք աֆ Զօրօ» (The Mark of Zoro, 1940) եւ «Պլատ Էնտ Սենտ» (Blood and Sand, 1941) (երկուքն ալ անձայն ֆիլմերու վերարտադրութիւններ) մեծ համբաւ կը բերեն անոր:
Ռուբէն Մամուլեան, իր 29 տարիներու ասպարէզին ընթացքին բեմադրած է (նաեւ կարգ մը ժապաւէններու իբրեւ արտադրող մասնակցած) 18 շարժապատկերներ, որոնցմէ շատերը մինչեւ այսօր կը համարուին Հոլիվուտեան դասական գործեր:
Ան իր ֆիլմերու բեմադրութեան համար աշխատակցած է այդ ժամանակաշրջանի հոլիվուտեան ամենափայլուն աստղերուն հետ, որոնց շարքին՝ Կրեթա Կարպօ, Կերի Քուփըր, Մարլըն Տիըթրիչ, Ֆրետ Ասթեր, Ֆրետերիք Մարչ, Հենրի Ֆոնտա, Ճէյմզ Քեկնի եւ Պարպըրա Սթենուիք:
Ռուբէն Մամուլեան իր մահկանացուն կը կնքէ 1987ին, Ուուտլընտ Հիլզի (Քալիֆորնիա) իր բնակարանին մէջ: Ան ունի իր անունով աստղ մը Հոլիվուտի «Ուոք աֆ Ֆէյմ»ի վրայ՝ 1709 Vine Street:
Ստորեւ՝ Ռուբէն Մամուլեանի ֆիլմերու ցանկը.
«Քլիոփաթրա» (Cleopatra), 1963
«Փորճի էնտ Պես» (Porgy and Bess), 1958 (հրաժարած նախքան ֆիլմի նկարահանման աւարտը)
«Սիլք Սթաքինկզ» (Silk Stockings), 1957
«Սամըր Հոլիտէյզ» (Summer Hollydays), 1947
«Ռինկզ ան Հըր Ֆինկըրզ» (Rings on Her Fingers), 1942
«Պլատ էնտ Սենտ» (Blood and Sand), 1941
«Տը Մարք աֆ Զօրօ» (The Mark of Zoro), 1940
«Կոլտըն Պոյ» (Golden Boy), 1939
«Հայ, Ուայտ էնտ Հենտսըմ» (High, Wide and Handsome), 1937
«Տը Կէյ Տեսփերատօ» (The Gay Desperado), 1936
«Պըքի Շարփ» (Becky Sharp), 1935
«Ուի Լիվ Ըկեն» (We Live Again), 1934
«Քուին Քրիսթինա» (Queen Christina), 1933
«Սոնկզ աֆ Սոնկզ» (Songs of Songs), 1933
«Լաւ մի Թունայթ» (Love Me Tonight), 1932
«Տաքթըր Ճեքիլ էնտ Մըսթըր Հայտ» (Dr. Jekyll and Mr. Hyde), 1931-32
«Սիթի Սթրիթզ» (City Streets), 1931
«Ըփլաուզ» (Applause), 1929
ՌՈՒԲԷՆ ՄԱՄՈՒԼԵԱՆԻ ՅԱՅՏՆԻ ԽՕՍՔԵՐԷՆ
– «Քննադատները գանգատեցան, որ անիկա օփերա չէր, «միւզիքըլ» չէր: Մէկու մը համեղ բան մը կու տաս ուտելու եւ կը գանգատի, որովհետեւ ատոր անուն մը չի կրնար տալ»:
– «Ամէնէն կարեւոր քննադատը ժամանակն է»:
– «Ամբողջ ֆիլմը պատկերացուցած կ՛ըլլամ նախքան նկարահանումի վայր հասնիլս, ապա կը փորձեմ պատկերացուցածս եւ իրականութիւնը իրարու համապատասխանեցնել»:
– «Կը կարծեմ որ, առանց չափազանցութեան, ամէն մարդ կարողութիւն ունի շատ լաւ դերասանութիւն ընելու»:
– «Իրապաշտութիւնը եւ բնապաշտութիւնը ինծի համար չեն: Կը կարծեմ, որ անոնք տկար «գործիքներ» են»:
– «Յանկարծախօսութիւնը (improvisation) թռչուններուն եւ սիրողներուն (amateurs) գործն է»:
– «Կը կարծեմ, որ (շարժապատկերի) պաստառին վրայ գոյները պէտք է գործածուին իբրեւ յուզում (կամ յոյզ)»:
