ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ըստ Մ. Մաշտոցի անուան Մատենադարանի ցուցասրահի վարիչ Այտա Չարխչեանի, այս տարուան առաջին կիսամեակին Մատենադարան այցելած են 1477 զբօսաշրջային խումբեր (20,216 այցելու): Նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին համեմատ, ցուցանիշը նուազած է շուրջ 50 խումբով։
«Տարբեր երկրներից ժամանած խմբերն այցելութեան պատուէրներ տալիս են դեռ 6 ամիս առաջ: Համաշխարհային տնտեսութիւնը ճգնաժամից դեռ ամբողջութեամբ դուրս չի եկել, երեւի թէ դա է պատճառը, որ այս տարի աւելի քիչ խմբերից ենք պատուէրներ ստացել», ըսած է Ա. Չարչխեան:
Ըստ անոր, Մատենադարան այցելած խումբերը եկած են յատկապէս Ֆրանսայէն, Իտալիայէն, Գերմանիայէն ու Աւստրիայէն, ու եղած են բաւական կազմակերպուած։ ԱՊՀ երկիրներէն, մասնաւորապէս՝ Ռուսիայէն, եկողները եղած են անհատ այցելուներ։
Նշենք, որ Մատենադարանին մէջ կը պահուի 17 հազար ձեռագիր, որուն 3 հազարը օտար լեզուով: Այնտեղ կը պահուին նաեւ 100 հազար արխիւային վաւերագրեր, փաստաթուղթեր, ինչպէս նաեւ 3 հազար հնատիպ գիրքեր:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.