1. Ազգ. Ալէք Փիլիպոս երկրորդական վարժարան
Ա.- 12րդ դասարան
Վերժին Թուլումեան՝ առաջին
Սանան Մահսէրէճեան՝ երկրորդ
Դայանա Բոյրազեան՝ երրորդ
Բ.- 11րդ դասարան
Փաթիլ Մալաթեան՝ առաջին
Քրիսթին Պատիկեան՝ երկրորդ
Կարէն Արապեան՝ երրորդ
Գ.- 9րդ դասարան
Արփիկ Գիւրջեան՝ առաջին
Նանօր Գասապեան՝ երկրորդ
Դ.- 6րդ դասարան
Արմինէ Գալփակեան՝ առաջին
Մարիամ Յարութիւնեան՝ երկրորդ
Էնճըլ Դարբինեան՝ երրորդ
2. Ազգ. Ֆերահեան երկրորդական վարժարան
Ա.- Ութերորդ դասարան
Շանթ Գարակէօզեան՝ առաջին
Հայկ Թռթռեան՝ երկրորդ
Սեւան Նուրեան՝ երրորդ
Բ.- Տասներկրորդ դասարան
Դալար Գոսաքեան՝ առաջին
Նաթալի Փիլիկեան՝ երկրորդ
Րաֆֆի Տէրտէրեան՝ երրորդ
3. Մերտինեան վարժարան
Ա.- Ութերորդ դասարան
Վահէ թիրաքեան՝ առաջին
Անի Քէշիշեան՝ երկրորդ
Շուշան Գալստեան՝ երրորդ
Բ.- Եօթներորդ դասարան
Մայքըլ Սուլահեան՝ առաջին
Րաֆֆի Չարխուտեան՝ երկրորդ
4. Հայ Քոյրերու վարժարան
Ա.- Ութերորդ դասարան
Մարինա Սթամպուլեան՝ առաջին
Բ.- Եօթներորդ դասարան
Ալէք Քիլիսեան՝ առաջին
Գէորգ Արապեան՝ երկրորդ
Գ.- Վեցերորդ դասարան
Ամէլի Թելչըր՝ առաջին
Թամար Գազազեան՝ երկրորդ
5. Ազգ. Մեսրոպեան երկրորդական վարժարան
Ա.- Տասներորդ դասարան
Արիանա Պալ՝ առաջին
Բ.- Իններորդ դասարան
Թալին Սասունեան՝ առաջին
Արփի Լեփէճեան՝ երկրորդ
Վլատիմիր Խաչատրեան՝ երրորդ
Գ.- Վեցերորդ դասարան
Քնար Պաղտասարեան՝ առաջին
Ճագլին Սանտազեան՝ երկրորդ
Ճօ Գաբրիէլեան՝ երրորդ
6. Ազգ. Շամլեան վարժարան
Ա.- Ութերորդ դասարան
Աւետիս Տիշիգրիքեան՝ առաջին
Լարա Սասունեան՝ երկրորդ
Արմէն Զէյթճեան՝ երրորդ
7. Յովսէփեան վարժարան
Ա.- Եօթներորդ դասարան
Մելինէ Թօփչեան՝ առաջին
Քրիստափոր Խաչատուր՝ երկրորդ
Դալար Մաթոսեան՝ երրորդ
Բ.- Ութերորդ դասարան
Լոռի Ճիկէրեան՝ առաջին
Տաթեւիկ Ազազեան՝ երկրորդ
Սեւակ Ռըզեան՝ երրորդ
——————————————————————————————————————————————————
Փայլուն Ապագայ

Իբրեւ հայ ուսանող, երբ կարդամ մեր ազգի պատմութեան դարաւոր մշակոյթին, տառապալից պատերազմներուն եւ հերոսներուն մասին, կը հպարտանամ հայազգի ինքնութեամբս եւ պատկանելիութեամբս։
Մանկութենէս ի վեր անդամակցած եմ կազմակերպութիւններու, ինչպէս՝ Համազգային, ՀՄԸՄ, ՀՅԴ Պատանեկան շարքեր եւ ՀԵԴ, որոնք կազմաւորած են իմ նկարագիրս ու թրծած իմ անձս, ներշնչելով զիս, որ դառնամ պահանջատէր ու հպարտ հայ։ Ես զաւակն եմ այն ազգին, որ չարչարուած, հալածուած ու զոհուած է, սակայն երբեք չէ տատամսած ըսելու, թէ հայ է եւ միշտ հպարտ է իր ինքնութեամբ, եւ այսօր կը ներկայանայ աշխարհին ինքնուրոյն դիմագիծով։
Ազատ, անկախ եւ միացեալ հայրենիքի տեսլականով հիմնուած են կազմակերպութիւնները, ինչպէս Հայ Օգնութեան Միութիւնը, որ Ակնունիի ջանքերով, հիմնադրութեան օրէն իսկ, իր բազմաթիւ աշխատանքներով փաստեց, որ ժողովուրդի պահանջներէն ծնած այս միութիւնը կը շարունակէ իր մարդասիրական աշխատանքները ի խնդիր հայ ժոշովուրդին։ Ահաւասիկ դար մը ամբողջ այս հրաշագործ կանանց կազմակերպութիւնը ծառայած, օժանդակած եւ գուրգուրացած է հայ ժողովուրդի ու հայրենիքին՝ շնորհիւ անձնուէր բանակ մը կամաւորներու։
Մեր ազգը դիմագրաւած է շատ դժուարութիւններ, սակայն մենք միշտ մնացած ենք հաստատ մինչեւ իսկ այդ անապատին մէջ, ուր հայը իր մատներով աւազին վրայ սորվեցուց Այբ ու Բենը նոր սերունդին։ Պահպանելով 10 դարեր առաջ Հացեկաց գիւղի Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի հայոց Գիրերու գիւտը, այսօր մեր ազգը պէտք ունի հայ պաշտպան զինուորներու, որոնք հեռու պիտի պահեն մեր ոսկեղէն Այբուբենը բազմատեսակ ցնցումներէն։ Ես, բախտաւոր եմ որ կը յաճախած եմ հայկական վարժարան։ Բայց, միջոցը կայ։ ՀՕՄի մասնաճիւղերէն ներս կը գործէ Շաբաթօրեայ վարժարաններ, ուր հայ պատանին կը սորվի մեր քաղցր լեզուն։ Ես շատ կը սիրեմ մեր լեզուն, եւ զայն պահպանելու կը ձգտիմ։ Օգնական ուսուցչուհի եմ ՀՕՄի «Սիփան» մասնաճիւղի շաբաթօրեայ վարժարանէն ներս։ Կը հպարտանամ, երբ կը բաժնեմ իմ գիտելիքներս այլ պատանիներու հետ, որպէսզի իրենք ալ հպարտ ըլլան իրենց հայրենիքով, ազգով եւ լեզուով։
Երբ աւարտեմ Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգ. վարժարանը, վճռած եմ ունենալ ուսման բարձրագոյն կրթութիւն՝ մասնագիտանալով 2 ճիւղերու մէջ։ Առաջին՝ Woodbury համալսարանէն ստանալ միջազգային առեւտուրի վկայական, որպէսզի գործի հնարաւորութիւններ ստեղծեմ Հայաստանի մէջ, մեծ հաստատութիւններու կողմէ, որպէսզի այսպիսով մեր երկիրը բարգաւաճի։ Կ՛ուզեմ նաեւ ունենալ հայագիտութեան վկայական, Հայաստանի պետական համալսարանէն, որպէսզի դառնամ ներկայացուցիչ կամ թարգմանիչ Միացեալ Ազգերու կազմակերպութեան մէջ, դեսպան Միացեալ Նահանգներու ու ապա՝ հանգստանամ Արցախի մէջ՝ ըլլալով Հայ Դատի ուսուցչուհի։
Մեր ազգի փայլուն ապագան կը կերտէ երիտասարդը, ու իր խօսքը գործի պէտք է վերածէ։
Կոմիտաս, Արամ Խաչատուրեան, Լեւոն Շանթ ու այդպիսի փայլուն դէմքեր թողած են պատմութեան հետքեր, ու իրենց աշխատանքները կ՛ապրին, հայրենիքը կայուն կը մնայ ու յաւետ կ՛ապրի Հայաստանը։
Կը շնորհաւորեմ «Հայ Կնոջ» տարին ու ՀՕՄի հարիւրամեակը, ինչպէս նաեւ անձնուէր ընկերուհիները ու իրենց երկաթեայ կամքով կատարած ծառայութիւնը։ Ինչպէս մեծ մայրս ու մայրս, ես ալ կը խոստանամ միանալ ՀՕՄի շարքերուն մօտիկ ապագային՝ միշտ բարձր բռնած կապոյտ դրօշը, ու ապա զայն փոխանցելով նոր սերունդին։
Վերժին Թուլումեան
Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս
երկրորդական վարժարան
12րդ դասարան
(Գրաւած Առաջին տեղը)
=============================================================================================
Հայրենիքիս Կ՛ուզեմ Օգնել

Քիչ ենք, բայց հայ ենք։ Փոքր ժողովուրդ մըն է հայութիւնը, բայց հարուստ է մշակոյթով, լեզուով ու յարանուանութիւններով։ Կը հաւատամ, որ ամէն հայ կարողութիւն ունի իր անձնական ձեւով ազգին օժանդակելու։ Ներկայիս Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան կազմակերպութիւնը ընտրած եմ իբրեւ միջոց՝ աշխատելու հայ ազգին համար։ Հ.Ե.Դաշնակցութեան պարտականութիւնն է սորվեցնել ու դաստիարակել հայ երիտասարդութիւնը հայ մնալու ու չձուլուելու կարեւորութիւնը։
Երկրորդական ուսումնական շրջանս աւարտելէ ետք, կ՛ուզեմ Հայաստանի մէջ ձեւով մը աշխատիլ. եթէ հոգեբանութեան ճիւղ ուսանիմ, կը փափաքիմ իբրեւ հոգեբան ծառայել Հայաստանի մէջ, մասնաւորաբար աշխատելով Հայաստանի փոքրիկներուն հետ։ Իսկ եթէ ուսուցչութեան մարզին մէջ մասնագիտանամ, կ՛ուզեմ Հայաստանի մէջ ուսուցչութիւն ընել ու փոքրիկներուն անգլերէն սորվեցնել, որովհետեւ այդ միջազգային լեզուն կարեւոր է, եւ կը հաւատամ, որ պէտք է Հայաստանի նոր սերունդը մէկէ աւելի լեզուներ իմանայ, որպէսզի կարենայ ուրիշ ազգերու հետ մրցակցութեան մէջ մտնել։
Ուրիշ այլ ձեւերով ալ կը փափաքիմ հայ ժողովուրդին օգտակար դառնալ։ Նկատելի է, թէ Սփիւռքի մէջ նոր հայ սերունդը հայերէն գիրք կարդալու համար ջանք չի թափեր։ Մտածեցի լեզուին ու ոճին մէջ փոփոխութիւն մը յառաջացնելու մասին, զանոնք դարձնել պարզ խօսակցական լեզուով գրութիւններու, ու գրական գործերու նիւթերը դարձնել աւելի հետաքրքրական ու հասկնալի։ Կը փափաքիմ սփիւռքահայ երիտասարդութեան համար գրական Զարթօնք մը յառաջացնել, որպէսզի գալիք սերունդները շարունակեն գրել ու կարդալ։ Ինչպէս նաեւ այս գործերուն նիւթը պէտք է ըլլայ երիտասարդութեան կեանքին առնչուող այժմէական հարցերու մասին։ Որոշած եմ զարգացնել հայերէն լեզուի մակարդակս ու լաւապէս տիրապետել անոր, որպէսզի կարենամ այսպիսի գիրքեր գրել, նորութիւններ ստեղծել ու հայերէն լեզուն միշտ վառ պահել։
Դալար Գոսաքեան
Ֆերահեան Ազգ. վարժարան
12րդ դասարան
(Գրաւած Երկրորդ տեղ)
======================================================================================================
Շուշիի Յուշեր

«Տարիքդ ի՞նչ է» հարցուց փոքր աղջիկ մը երբ Շուշի այցելեցի մօտ երեք տարի առաջ։ «16 տարկան եմ», պատասխանեցի ու զարմանքով աչքերը բացուեցան։ Դէմքին փոփոխութիւն նկատեցի եւ նոյն հարցումը ես հարցուցի։ Ան ըսաւ «Ես էլ 16 տարեկան եմ»։ Անհաւատալի բան էր, որ այս փոքր աղջիկը իմ նոյն տարիքն էր։ Աղքատութեան մէջ ապրելով բաւարար սնունդ չստանալով, մնացած էր մարմինը պզտիկ, բայց մտքով ուշիմ ու հոգիով փայլուն եւ աշխուժ։ Այս դէպքն ու երեւոյթը պատճառ դարձաւ եւ կայծ մը դրաւ սրտիս մէջ ձեռք երկարելու դէպի կարիքաւորը։
Մեծ Հօրս մահուան առիթով, իր անունով նուիրատւութիւններ կատարեցի Շուշիի երաժշտական դպրոցին, ուր նոր դասարան մը հասատուեցաւ նոր գրասեղաններով, աթոռներով, գրատախտակով։ Քանի մը ամիս ետք, կեանքով լեցուն եւ երիտասարդ զարմիկս անդարձ մեկնեցաւ այս աշխարհէն եւ կրկին այս տխուր առիթով դրամ ղրկեցինք Շուշի։ Այս անգամ, նկարչութեան դասարանի մը բացումը զարմիկիս անունով, որովհետեւ զարմիկս շատ լաւ գծող մըն էր։ Այս բոլորը կատարելէ ետք, մեծ փափաք ունէի երթալ եւ աչքերովս տեսնել Շուշին։
Այդ ամառ այցելեցի Շուշի եւ առաջին անգամ տեսայ Շուշիի երաժշտական դպրոցը։ Հոս արդէն ականատես եղայ այս պզտիկներուն ապրելակերպին եւ կեանքի պայմաններուն։ Կօշիկները հինցած, շարուած էին դասարաններուն մէկ անկիւնը, կարգ մը դասարաններու մէջ աթոռները կտրուած ու հին էին։ Բոյսեր ունէին սենեակներուն մէջ, բայց ոչ ծաղկաման։ Թիթեղատուփեր կը գործածէին ծաղիկներուն համար։ Թաղար մը, որ հոս բնաւ արժէք չունի, Շուշիի մէջ այդ ալ չէին կրնար հայթայթել։ Մտայ զարմիկիս նուիրուած դասարանը։ Մաքուր ու նոր սենեակ մըն էր։ Ունէր վրձիններ, նկարելու յատուկ սեղաններ ու աթոռներ, մեծ ներկելու թուղթեր եւ պատրաստ կ՛երեւէր։ Այդ վայրկեանին զգացումներս անբացատրելի էին։ Դպրոցի տնօրէնուհին մեզի ճաշ հրամցուց եւ պատուհաններու վարագոյրները գործածուած էին իբրեւ սեղանի ծածկոց։ Այս երեւոյթը շատ ազդեց իմ վրայ։ Հաստատ որոշեցի որ միայն ազգականի մահուան առիթով չէ որ պէտք է օգնեմ իմ ժողովուրդին։ Պէտք չէ սպասեմ մինչեւ ուրիշն ալ մեռնի որ առիթ ըլլայ նորոգել Շուշին։ Այլ միշտ շարունակաբար օգնութիւն պիտի ղրկեմ։ Կրնայ ըլլալ դրամ, հագուստ, կամ դպրոցական առարկաներ։ Ամբողջ կեանքիս ընթացքին, պիտի ջանք թափեմ որպէսզի իմ հայրենիքիս օգտակար ըլլամ։
Նաթալի Փիլիկեան
Ֆերահեան Ազգային Վարժարան
12րդ դասարան
(Գրաւած Երրորդ տեղ)