ՌԻԹԱ ՀԻՆԴԼԵԱՆ

ՖՐԵԶՆՕ.- Հայ Օգնութեան Միութեան ԱՄՆի Արեւմտեան շրջանի 90րդ Պատգամաւորական ժողովի բացման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ սրահին մէջ՝ ներկայութեամբ աւելի քան 160 պատգամաւորներու եւ հիւրերու:
Բացման հանդիսութեան հանդիսավարութիւնը կատարեց ՀՕՄի չորս մասնաճիւղերէ՝ Ֆրեզնոյի «Մայր» եւ «Սոֆիա», Սան Ֆրասիսքօ-Օքլենտի «Կարին» եւ «Էրեբունի», կազմուած միացեալ յանձնախումբի ատենապետուհի, դատաւոր Հուրի Սանտըրսըն:
ՀՄԸՄի «Սասուն» մասնաճիւղի սկաուտներու դրօշակի արարողութենէն ու Ամերիկայի, Հայաստանի եւ ՀՕՄի հիմներու երգեցողութենէն ետք, հանդիսութիւնը սկսաւ առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի աղօթքով: Ապա, ներկաները յոտընկայս յարգեցին ՀՕՄի բոլոր ննջեցեալներուն յիշատակը:
Հանդիսութեան ներկայ էին ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետուհի Վիքի Մարաշլեան, Պատգամաւորական ժողովի իր ներկայացուցիչը Ռոզի Պետրոսեան եւ անդամներէն Նովա Հինտոյեան, ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Սօսի Փօլատեան՝ իր վարչականներուն ընկերակցութեամբ, ինչպէս նաեւ 20 մասնաճիւղերու պատգամաւորներն ու դէտեր:
Հանդիսութեան նաեւ ներկայ էին Ֆրեզնոյի քաղաքապետ Աշլի Սուերընճին, Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովան Թաշճեան եւ «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէի հերթապահ Խաչիկ Հաւաթեան: Առաջնորդին կողքին ներկայ էին Ս. Երրոդութիւն եկեղեցւոյ հովիւ Վահան քհնյ. Կոստանեան, Ազգային վարչութեան ատենապետուհի Ռիմա Պօղոսեանն ու անդամներէն Պիլ Սահաթճեանը, նաեւ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետ Լեւոն Փալաճանեան: Ներկայ էին նաեւ Ֆրեզնօ շրջանի «Համազգային»ի «Դանիէլ Վարուժան» մասնաճիւղի ատենապետուհի Սրբուհի Մսըրլեան, ՀՄԸՄի «Սասուն» մասնաճիւղէն Լեւոն Էսքիճեան, «Չարլի Քէհէեան» վարժարանի տնօրէնուհի Սոֆիա Մխիթարեան, ինչպէս նաեւ հայ եւ օտար այլ հոգեւորկաններ եւ հիւրեր:
Ֆրեզնոյի քաղաքապետ Սուերընճին իր քաղաքին անունով բարի գալուստ մաղթեց եւ յայտնեց, որ իրենց համար պատիւ է այս Պատգամաւորական ժողովին գումարումը Ֆրեզնոյի մէջ, ապա իր մաղթանքներն ու բարի գալուստի քաղաքապետարանի յատուկ հաստատագիրը փոխանցեց:
ՀՕՄի 95ամեայ Ֆրեզնոյի «Մայր» մասնաճիւղի ատենապետուհի Պարպարա Սիքուերան ինքզինք ներկայացուց իբրեւ ՀՕՄի երրորդ սերունդի ներկայացուցիչ: Ընկերուհին պատմական ակնարկով մը ներկայացուց Ֆրեզնոյի գաղութի վերջին դարու կազմութիւնը եւ ՀՕՄի դերը գաղութէն ներս:
Ապա խօսք առաւ ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Սօսի Փօլատեան՝ դիտել տալով, որ «90րդ Պատգամաւորական ժողովը իր յատուկ տեղը պիտի ունենայ, որովհետեւ արդէն իսկ ՀՕՄի 100ամեակն է եւ եկած ենք Արեւմտեան շրջանի առաջին մասնաճիւղի ծննդավայրը՝ Ֆրեզնօ, միասնաբար տօնախմբելու թէ՛ ՀՕՄի 100ամեակը եւ թէ Ֆրեզնոյի «Մայր» մասնաճիւղի 95ամեակը: Ֆրեզնօ այն քաղաքն է, որ մեր գաղութի պատմութեան մէջ կարեւոր դեր ունեցած է»: Ան ՀՕՄուհիներուն ուղղելով իր խօսքը՝ ըսաւ, թէ անցնող տարեշրջանին, Շրջանային վարչութիւնը ամէն առիթ օգտագործած է լսելու իրենց գաղափարները, լուծումներ գտնելու իրենց հաւաքաբար դիմագրաւած հարցերուն, ինչպէս նաեւ գործադրելու նախորդ պատգամաւորական ժողովի որոշումները:
Ան յիշեց, թէ նոր երիտասարդական կեդրոն մը պիտի բացուի æաւախքի մէջ, «ՀՕՄի Ձայն» հեռատեսիլի ծրագիրը վերսկսած է «Հորիզոն»ի եւ «ARTN» կայաններէն եւ գիտաժողով մը կը ծրագրուի «Եու.Էս.Սի.» (USC) համալսարանի Հայկական ամպիոնին հետ: Իսկ պատգամաւորներուն յիշեցուց. «Դուք շատ կարեւոր դեր մը ունիք կատարելիք յաջորդող օրերուն: ՀՕՄի տեսլականի բիւրեղացման ու նպատակներու գործադրութեան որոշումները ձեզմէ կախեալ են: Ձեզմէ կը սպասենք, որ ձեր միութենական գիտելիքները, կազմակերպչական փորձառութիւնները եւ ապագայի հեռանկարներ ունենալու կարողութիւնները օգտագործէք, ներկայացուած տեղեկութիւններուն ու նոր տրամադրութիւններու լոյսին տակ օգտագործէք զանոնք՝ մեր կազմակերպութեան յաջորդ տարեշրջանի ուղին որոնելու ու որոշելու համար: ՀՕՄի երկրորդ դարասկիզբին մեր միութեան նոր եռանդ տալու ու վերելքներ հասնելու պարտականութիւնը ձեր ուսերուն դրուած է: Ձեւով մը տարուէ տարի փոխանցուող վերանորոգուող կտակ մըն է, զոր կը սպասենք որ սիրով ու պատասխանատուութեան ծանրակշիռ զգացումով յանձն առնէք, եւ նոյն խանդով վերադառնաք ձեր շրջանները ու շէնցնէք ձեր մասնաճիւղերը»:
Ապա, «Սոֆիա» մասնաճիւղի ատենապետուհի Անժել Օհաննէսեան, որ ձեռնարկին սկիզբը ամերիկեան քայլերգը երգած էր, միացեալ յանձնախումբին անունով բարի գալուստ եւ յաջողութիւն մաղթեց եւ յիշեցուց, որ Ֆրեզնօ տունը եղած է Սոֆիա Յակոբեանի, Վիքթորիա Կոստանեանի, Գուրգէն քահանայ Եարալեանի, «Ասպարէզ» օրաթերթին եւ Ուիլեըմ Սարոյեանի:
ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Ռոզի Պետրոսեան փոխանցեց վարչութեան խօսքը՝ յիշելով տնտեսական տագնապին հետեւանքով նուիրատուութիւններու նուազումը եւ կարիքաւոր խաւերուն պէտքերու յաւելումը, Արցախի եւ æաւախքի նկատմամբ մտահոգութիւնները, ինչպէս նաեւ կազմակերպական ու արդիականացման կազմակերպչական դժուարութիւններու դիմագրաւումը: Ընկերուհին, որ ֆրեզնոցի է, իր խօսքի աւարտին ժողովին յաջողութիւն մաղթեց:
Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովան Թաշճեան յայտնեց, որ պատահականութեան պէտք չէ վերագրել, որ պատգամաւորական ժողովը Ֆրեզնոյի մէջ տեղի կ՛ունենայ. ՀՕՄի 100ամեակին առիթով աւելի ճիշդ վայր կարելի չէր ընտրել: Իսկ Սան Հոզէյի մէջ հիմնուած նոր՝ «Ակնունի» մասնաճիւղին, ու շրջանի ՀՕՄի հնագոյն «Մայր» մասնաճիւղի հանդիպումը, պատմութեան եւ ներկայի հանդիպում նկատեց: Ան, նկատել տալով կարեւորութիւնը հայ կնոջ դիմագրաւած լայնածաւալ հասարակական աշխատանքի դաշտը՝ գնահատեց ու շնորհաւորեց անցնող տարեշրջանի Շրջանային վարչութեան աշխատանքը՝ զայն «սքանչելի գործ» որակելով:
Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան դիտել տուաւ, որ ոչ միայն ՀՕՄը, այլ եկեղեցին եւ մամուլը Ֆրեզնոյէն ծնունդ առած են: Ապա, նշեց թէ այս ժողովը երկու յիշատակելի տարեդարձներու հետ կապուած է՝ ՀՕՄի 100ամեակը եւ Արամ Ա. կաթողիկոսի կողմէ 2010 տարին իբրեւ «Հայ Կնոջ տարի» հռչակումը՝ պատուելու, յարգելու եւ գնահատելու հայ կինը եւ յատկապէս ՀՕՄի նուիրական ծառայութիւնը: Սրբազան հայրը դրուատեց ՀՕՄի ծառայութիւնը եւ ժողովին իր ողջոյնն ու օրհնութիւնները փոխանցելով՝ մաղթեց, որ ժողովը ապագայի նկատմամբ որոշումներ առնելով՝ բարութեամբ ընթանայ վասն հայութեան, ազգութեան եւ մարդկութեան ՀՕՄի նուիրական տեսլականին եւ առաքելութեան:
Հանդիսութեան աւարտին, պատգամաւորները ուղղուեցան եկեղեցւոյ դիմացը գտնուուղ «Ռատիսըն» պանդոկը, ուր Սօսի Փօլատեան՝ Շրջանային վարչութեան ատենապետուհին, պատգամաւորական ժողովը կարգի հրաւիրեց ու ժողովականները իրենց չորսօրեայ աշխատանքներուն անցան: