ԹԵՀՐԱՆ, «Ռոյթըրզ».- Իրանցի պաշտօնատար մը Ուրբաթ, Յուլիս 16ին յայտնեց, որ Հինգշաբթի գիշեր մզկիթի մը մուտքին երկու ականահարումներու զոհերուն թիւը բարձրացած է 27ի։ Սիսթան-Պալուչիսթան նահանգի ընդհանուր կառավարիչ Ալի Մոհամատ Ազատ յայտնեց, որ զոհերու թիւը կրնայ բարձրանալ, նկատի ունենալով, որ 160 վիրաւորներէն շատերուն վիճակը ծանր է։ Ազատ յայտնեց, որ «պատասխանատու կողմը գտնելու հետաքննութիւնները պիտի շարունակուին հակառակ անոր, որ խմբաւորում մը սոյն պատասխանատուութիւնը ստանձնած է»։
Ականահարումներուն պատասխանատուութիւնը ստանձնեց սիւննի ծայրայեղականներու «Ճուտուլլահ» խմբաւորումը, որուն ղեկավարը վերջերս Իրանի իշխանութիւններուն կողմէ կախաղան բարձրացուած էր։
Ականահարումները տեղի ունեցած են հարաւարեւելեան Զահետան քաղաքին մէջ, եւ կը կարծուի, որ անոնց թիրախը Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի անդամներն էին։
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն դատապարտեց յարձակումը: Ան նշեց, որ «այս յարձակումը, ինչպէս նաեւ վերջերս Ուկանտայի, Փաքիստանի, Աֆղանիստանի, Իրաքի եւ Ալճերիոյ մէջ տեղի ունեցած յարձակումները աշխարհի տարբեր կողմերուն մէջ անմեղներու կեանքերուն սպառնացող ահաբեկչական կազմակերպութիւններու դէմ պայքարելու միջազգային ընտանիքի միասնականութեան կարեւորութիւնը կ՛ընդգծեն»։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.