
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի այս տարուան ամառնային վարժողական ծրագիրին մասնակցող Դալար Ալեքսանեան կը փորձէ Հայ Դատի ի նպաստ քարոզչական աշխատանքները՝ համացանցային եւ լրատուական միջոցներու ճամբով կատարել:
Իբրեւ վարժողական ծրագիրի հանրային եւ մամլոյ յարաբերութեանց մարզի մասնակից, Ալեքսանեան մամլոյ հաղորդագրութիւններ պիտի պատրաստէ ու յօդուածներ պիտի հեղինակէ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին եւ համայնքային այլ կազմակերպութեանց գործունէութեան մասին. նաեւ իր փորձառութեանց մասին պիտի գրէ համացանցային «CampusCause.com» օրագրական կայքին վրայ՝ մատնանշելու համար քաղաքական կեանքին մէջ երիտասարդ ուժեր ներգրաւելու կարեւորութիւնը:
Ալեքսանեան, որ անցեալին մասնակցած է նաեւ Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբի վարժողական ծրագիրին, կը յայտնէ, թէ վարժողական այս նոր ծրագիրին միջոցաւ սկսած է աւելի մօտէն ծանօթանալու Միացեալ Նահանգներու արեւմտեան շրջաններու հայկական համայնքներու գործունէութեանց:
Ան նաեւ վարժողական շրջան մը կը բոլորէ Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Փօլ Գրիգորեանի գրասենեակին մէջ, իսկ երկրորդական վարժարանի տարիներուն, աւելի քան 1000 ժամ կամաւոր աշխատանք կատարած է զանազան կազմակերպութեանց համար: Ան նաեւ անդամ է ՀԵԴի «Ռուբէն» ուխտին: