ԱՆԳԱՐԱ.- Չորեքշաբթի, Յուլիս 21ի կանուխ առաւօտուն, Թուրքիոյ Տողուպայազիտ քաղաքին մօտ բնական կազի խողովակաշարի մը վրայ պայթում մը տեղի ունեցաւ։ Պաշտօնատարներ «Անատոլու» լրատու գործակալութեան յայտնեցին, որ կազատարը Իրանէն Թուրքիա կազ փոխադրելու համար կը գործածուի, եւ ցարդ պայթումին պատճառները անծանօթ են։ Պայթումին պատճառով մերձակայ շրջաններուն մէջ շարք մը գործատեղիներ եւ բնակարաններ վնասուեցան եւ խողովակաշարին վրայ հրդեհ մը ծագեցաւ: Ապահովական ուժեր յայտնեցին, որ դէպքին շուրջ հետաքննութիւն տեղի կ՛ունենայ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.