ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու Դամասկոսի մէջ հանդիպում ունեցած է նաեւ պաղեստինեան «Համաս» կուսակցութեան քաղաքական ղեկավար Խալետ Մեշաալի հետ՝ քննելով «Համաս»ի եւ «Ֆաթհ»ի միջեւ գոյացած վիհը դարմանելու ջանքերը։ Օրակարգի վրայ եղած է նաեւ Միջին Արեւելքի խաղաղութեան գործընթացը։
Իր կարգին, «Համաս» հաղորդեց, որ Տաւութօղլու-Մեշաալ հանդիպման ընթացքին քննուած է նաեւ Կազայի իսրայէլեան շրջափակման վերջ տալու կարելիութիւնները եւ Տաւութօղլու խոստացած է իր կարելին ընել:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.