ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
ՄԱԿի Արդարադատութեան Միջազգային Ատեանի՝ Քոսովոյի վերաբերեալ կայացուցած վճիռը դուռը պէտք է լայն բանայ Արցախի անկախութեան ճանաչման:
Հայաստանի հանրապետութիւնը ինք պէտք է առաջինը ըլլայ ողջունելու այս վճիռը եւ իբրեւ անոր տրամաբանական շարունակութիւն՝ անմիջապէս ձեռնարկէ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութիւնը իբրեւ անկախ պետութիւն ճանչնալու գործընթացը:
Ղարաբաղեան հակամարտութեան բանակցային գործընթացի փակուղի մտած ըլլալուն փաստը առաւել եւս կը հիմնաւորէ Հայաստանի կողմէ նման քայլ մը առնելու որոշումը:
Արդարեւ, ԵԱՀԿի Մինսկի խումբի միջնորդութեամբ ընթացող բանակցութիւններուն Ատրպէյճանի ցուցաբերած անզիջող կեցուածքը, Ղարաբաղի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը՝ բացարձակապէս արհամարհելու, անտեսելու ու մերժելու ատրպեճանական դիրքորոշումը, այլընտրանք չեն թողուր Հայաստանին, բացի Ղարաբաղի ճանաչումով փակուղիէն դուրս գալէն:
Պատերազմի սպառնալիքը, այս պարագային, Հայաստանը նման քայլէ մը ետ կանգնեցնելու գործօն չի կրնար ըլլալ, որովհետեւ, Ատրպէյճանը, հրադադարի շարունակական ու կոպիտ խախտումներով, իր սպառազինումը անընդունելի տարողութեամբ յառաջ տանելու եւ յաճախակի ռազմաշունչ յայտարարութիւններով արդէն իսկ զինուած գործողութիւններ ձեռնարկելու իր պատրաստակամութիւնը արար աշխարհով հռչակած է:
ԵԱՀԿի միջնորդներն ալ Միջազգային ատեանի այս որոշումը կրնան գործածել իբրեւ ուղեցոյց՝ ի վերջոյ յստակօրէն բանաձեւելու համար հելսինքեան երկու սկզբունքներու՝ տարածքներու ամբողջականութեան եւ ազգերու ինքնորոշման իրաւունքներու, գերադասական կարգը: Քոսովոյի վերաբերեալ իր առած որոշումով, Միջազգային ատեանը յստակ դարձուց, որ ազգային ինքնորոշումը գերադաս է սահմաններու անխախտելիութենէն: Միջազգային ընտանիքին կողմէ այսպիսի յստակ դիրքորոշում, ըստ էութեան, պատերազմը կանխող միակ գործօնը կրնայ ըլլալ այդ տարածաշրջանին մէջ: