Պատրաստեց՝
ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Բոլորս ալ ենթակայ կ՛ըլլանք տարբեր-տարբեր միջատներու խայթուածքներու, որոնք տեղի կ՛ունենան տարուան չորս եղանակներուն: Այս յօդուածով հակիրճ ձեւով պիտի անդրադառնամ միջատներու խայթուածքներուն, ինչպէս նաեւ անոնց դարմանման միջոցներուն:
1.- Մեղուի խայթուածք
Մեղուի խայթուածքը կը յառաջացնէ մորթի կարմրութիւն, ուռեցք, քերուըտուք եւ ցաւ, իսկ խայթը (sting) կը ցցուի մորթի մակերեսէն դէպի դուրս:
Խայթը կարելի է հանել քերթելով մորթը եղունքով եւ կամ մաքուր խաւաքարտով. բնաւ չգործածել նրբունելին (tweezer) հանելու համար խայթը: Հանելէ ետք խայթը լուալ վայրը օճար-ջուրով: Մեղուի խայթուածքի ցաւը կը մեղմանայ ծածկելով խայթուածքը պաղ ջուրով եւ կամ սառով:
Կարգ մը մեղուներու տեսակներ որոշ երկիրներու մէջ կը փոխանցեն ժահրային հիւանդութիւն մը, որ կը կոչուի West Nile Fever. Այս վայրերու մէջ գտնուողներ պէտք է հագուին երկար թեւով շապիկներ եւ երկար տափատներ ու պէտք է գործածեն միջատ վանող թրջոցնէր (insect repelent): Պաշտպանուելու համար այս վտանգաւոր մեղուներէն՝ մայրամուտին պէտք է հեռու մնալ պարտէզներէ, խոնաւ վայրերէ, ճահիճներէ եւ աղբերէ, ինչպէս նաեւ պէտք չէ գործածուի անուշահոտ-օճառներ, մազի ջրցօղ (hair spray):
2.- Մժեղի խայթուածք
Ան յատկանշական է կարմրած մորթի պզտիկ ուռեցքով, քերուըտուքով եւ մեղմ ցաւով: Մժեղի խայթուածքը պէտք չէ քերել, որովհետեւ ան կրնայ արիւնոտիլ եւ բորբոքիլ: Լաւագոյնը պիտի ըլլար՝ լուալ վայրը ջուրով-օճառով եւ ծածկել պաղ ջուրի թրջոցով (cold compress) եւ կամ հանգստացնող թրջոցով (calamine lotion):
Այն վայրերու մէջ ուր Մալարիայ հիւանդութիւնը գոյութիւն ունի, որոշ մժեղներ կը փոխացեն հիւանդութիւնը առողջ անձի մը խայթելէ ետք մալարիայէ տառապող հիւանդ մը: Մժեղները առաւելաբար կ՛ապրին եւ կ՛աճին ճահիճներու եւ ջրարատ ու խոնաւ վայրերու մէջ, հետեւաբար պէտք է հեռու մնալ ճահիճներէ եւ ջրարատ վայրերէ:
3.- Մրջիւնի խայթուածք
Ան կը յայտնուի պզտիկ կարմիր մորթի ուռեցքով եւ մեղմ ցաւով. Ուռեցքը կրնայ փոխուիլ փշտիկի: Ան կը մեղմանայ գործածելով պաղ ջուրի եւ քալամինի թրջոց:
4.- Տիզի (tick) խայթուածք
Տիզը ընդհանրապէս կը գտնուի անտառներու եւ խոտավայրերու մէջ:
Տիզը խայթելէ ետք կը մխրճուի մորթին մէջ եւ կը մնայ հոն: Ան կը յայտնուի կարծր եւ կլոր մորթի ուռեցքով. Տիզը պէտք է հանուի, որպէսզի չյառաջանայ Lyme հիւանդութիւնը, որ կը յատկանշուի հետեւեալ ախտանշաններով՝ մորթի կարմիր ցան (rash), գլխացաւ, յոգնածութիւն, ջերմ, թող, մկանային ցաւ, վիզի պրկուածութիւն: Այս հիւանդութիւնը կը դարմանուի հակամանրէական դեղերով: Տիզը պէտք է հանուի մորթին տակէն նրբունելիով մը բռնելով անոր գլխէն եւ զետեղել զայն ալքոլով լեցուն սրուակի մը մէջ, որպէսզի ան քննութեան ենթարկուի: Խայթուածքը պէտք է լուալ օճար-ջուրով, սրբել ալքոլով եւ ծածկել հակամանրէական օծանով մը:
Անտառներու եւ խոտավայրերու մէջ, ուր տիզի գոյութիւնը կասկածելի է, մարդիկ պէտք է գործածեն միջատ վանող թրջոցներ:
5.- Լուի (flea) խայթուածք
Ան կը յառաջացնէ մորթի պզտիկ եւ կարմիր բարձրացում մը, որ կը յատկանշուի քերուըտուքով եւ կը տեսնուի ընդհանրապէս սրունքներուն վրայ՝ ծունկէն վար: Լուի խայթուածքը պէտք է լուալ պաղ ջուրով, սառով եւ կամ քալամին թրջոցով:
6.- Սարդի խայթուածք
Սարդի տեսակները շատ են. սեւ եւ մոխրագոյն սարդերը կրնան թունաւոր ըլլալ: Սարդի խայթուածքը յատկանշական է ցաւով եւ մորթի կարմրագոյն ուռեցքով, որ կրնայ փոխուիլ փշտիկի: Խայթուածքը պէտք է լուալ օճառ-ջուրով եւ ծածկել պաղ ջուրով եւ կամ սառով: