Էջը Պատրաստեց՝ ՃՈՐՃ ԱՏՈՒՐԵԱՆ
Զրոյց՝ «Armenian Dramatic Arts Alliance»ի Նախագահ Պիանքա Պաղատուրեանի Հետ
«ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՁԱՅՆԸ ԱՇԽԱՐՀԻ ԹԱՏՐՈՆԻ ԵՒ ՇԱՐԺԱՊԱՏԿԵՐԻ ԲԵՄԵՐԷՆ ԼՍԵԼԻ ԴԱՐՁՆԵԼԸ ADAA-Ի ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆՆ Է»:

Յառաջիկայ Հոկտեմբերին պիտի կայանայ Պոսթընի Հայկական Ֆիլմերու փառատօնը, որ կազմակերպուած է Armenian Dramatic Arts Alliance-ի կողմէ:
ADAA աշխուժօրէն աշխատանք կը տանի ֆիլմարուեստի եւ թատրոնի սկսնակ հեղինակներուն նեցուկ կանգնելու:
Այս առթիւ, Ճորճ Ատուրեան ADAA-ի նախագահ Պիանքա Պաղատուրեանի հետ ունեցաւ զրոյց մը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ.
ՃՈՐՃ ԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Քիչ մը պատմութիւն. ե՞րբ հիմնուած է «Արմինիըն Տրամաթիք Արթզ Ըլայընս»ը (Հայկական Տրամաթիք Արուեստներու Դաշնութիւն-ADAA):
ՊԻԱՆՔԱ ՊԱՂԱՏՈՒՐԵԱՆ.- ADAA-ը հիմնուած է 2005ին, Քեմպրիճի (Մեսեչուսեց) մէջ, աջակցութեամբ data-ի վերականգնման առաջատար «Թեքֆիւժըն Քորփորէյշըն» (Techfusion Corp.) ընկերութեան: Մեր կայքէջը սկիզբ առաւ նոյն տարուան Սեպտեմբերին եւ կը շարունակէ մնալ հայկական կատարողական արուեստի ամենէն մեծապարփակ կայքէջը: Ժամանակ տրամադրեցինք եւ 19րդ ու 20րդ դարերու մեր թատերական բնագիրները թուայնացուցինք (digitized) ու զանոնք մեր կայքէջին վրայ զետեղեցինք՝ գիտնականներուն եւ ուսումնասիրողներուն տրամադրելի դարձնելու նպատակով: Անկէ ի վեր, յաճախ հեռաձայններ ստացանք դասախօսներէ եւ համալսարաններէ, որոնք հետաքրքրութիւն առթող բան մը գտած էին մեր կայքէջին վրայ զետեղուած բնագիրներուն մէջ, եւ անոնց մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ կ՛ուզէին ունենալ: Այս երեւոյթը բացատրող լաւ օրինակ մը ունեցանք, երբ Լոնկ Պիչ Նահանգային համալսարանէն դասախօս մը հեռաձայնեց եւ յայտնեց, որ ան մեր կայքէջին վրայ կարդացեր է Յակոբ Պարոնեանէն քանի մը գործեր եւ կը փափաքի զանոնք ընդգրկել իր «Երգիծաբանութեան պատմութիւն» նիւթով գրականութեան ճիւղի դասերուն մէջ: ADAA-ը շատ ուրախ է, որ այս ձեւով կրնայ հայ գրականութիւնը յառաջ տանիլ:

ՃՈՐՃ ԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Ի՞նչ են ADAA-ի նպատակներն ու մտապատկերները:
ՊԻԱՆՔԱ ՊԱՂԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Հայկական ձայնը աշխարհի թատրոնի եւ շարժապատկերի բեմերէն լսելի դարձնելը ADAA-ի առաքելութիւնն է: ADAA-ը հանդիպման վայր մըն է, ուր հայկական ծագումով շարժապատկերի, թատրոնի թէ այլ մարզերու մէջ աշխատող արուեստագէտներ եւ մասնագէտներ կը քաջալերուին, գաղափարներ կը փոխանակեն իրարու, փոխադարձաբար կ՛արծարծեն իրարու գործերը՝ համացանցի կամ մեր կողմէ հովանաւորուած զանազան ձեռնարկներու ընթացքին, ամբողջ տարուան տեւողութեան: Սկիզբէն մեր նպատակը եղած է արուեստի աշխարհէն ներս ստեղծել ուժ մը, որուն շուրջ արուեստագէտներ հաւաքուին եւ անդրադառնան, որ «թիւին» (քանակին) մէջ ուժ կայ: Իմ անձնական նպատակս, իբրեւ թատերագիր, միշտ եղած է՝ հաստատել հայկական գրութեան (թատերգութիւն, բեմագրութիւն) մրցանակ մը: Անիկա իրականացաւ եւ գործադրուեցաւ վերջին չորս տարիներուն, «Սարոյեան» հիմնադրամին կողմէ տրամադրուած եւ մեր կողմէ հովանաւորուած 10,000 տոլարի «Սարոյեան» թատերգութեան մրցանակով, ինչպէս նաեւ 10,000 տոլարի «Փօլ» բեմագրութեան մրցանակով: Մեր նպատակն է նաեւ՝ շարունակել շարժապատկերի եւ թատրոնի ասպարէզներէն ներս գործող հայ համայնքը միաւորել ու փառաբանել, նաեւ տօնել մեր հարուստ պատմութիւնը ու զայն տարածել զանազան հարթակներու միջոցաւ:
ՃՈՐՃ ԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Ո՞ր թուականէն ի վեր ADAA-ի նախագահն էք. ի՞նչ պատասխանատուութիւններ ունիք եւ ինչպիսի՞ դժուարութիւններ կը դիմագրաւէք ձեր պատասխանատուութեան ծիրէն ներս:
ՊԻԱՆՔԱ ՊԱՂԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Կը վերահսկեմ գործադիր պաշտօնեան եւ կամաւորները, կը դասաւորեմ ու կը կազմակերպեմ տարեկան ժողովները եւ ADAA-ի ռազմավարական ընդհանուր ուղղութիւնը: Կը հսկեմ ձեռնարկներուն եւ յանձնախումբին, մեծածաւալ ե-նամակներու-նամակներու արշաւը կը գործադրեմ, նուիրատուներու եւ ADAA-ի բարեկամներու տուեալներու մանրամասնութիւներու արխիւները պահելու աշխատանքին կը հսկեմ: Կը կազմակերպեմ դրամահաւաքներու աշխատանքները նոյնպէս: Սակայն որոշ անձեր, որոնց հետ կ՛աշխատիմ, մանաւանդ վարչութեան եւ յանձնախումբերուն անդամներուն հետ, անգնահատելի օժանդակութիւն կը բերեն: Առանց վերոյիշեալ աձերուն պիտի չկարենայի աշխատանքը գլուխ հանել վերջին հինգ տարիներուն ընթացքին:

ՃՈՐՃ ԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Յառաջիկայ Հոկտեմբերին պիտի ունենաք Պոսթընի Հայկական Ֆիլմի ձեր 3րդ փառատօնը. խօսեցէք այդ մասին:
ՊԻԱՆՔԱ ՊԱՂԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Ամբողջ տարուան տեւողութեան եւ Ամերեկայի երկու ափերուն կ՛ունենանք բազմաթիւ ձեռնարներ՝ շարժապատկերի բեմադրիչներ քաջալերելու եւ զանոնք ծանուցելու նպատակով. գլխաւոր ձեռնարկն է՝ Հայկական Ֆիլմի փառատօնը Պոսթընի մէջ: Այս տարի պիտի նշենք փառատօնի երրորդ տարին եւ անիկա տեղի պիտի ունենայ Պոսթըն Հարպըրի (Boston Harbor) վրայ գտնուող Ժամանակակից արուեստի հիմնարկին (Intitute of Contemporary Art (ICA)) մէջ: Հանրութեան հայկական նիւթերով ժապաւէններ ներկայացնելով՝ մենք լուսարձակի տակ կ՛առնենք «քամերա»ի ետին թէ անոր առջեւ գտնուող նորահաս տաղանդները՝ մեր պատմութեան եւ մշակոյթին հետ կապ ունեցող նիւթերը այլոց հետ բաժնելու կողքին:
Ամէն տարի աշխարհի չորս կողմէն մեզի կը ներկայացուին բազմաթիւ ժապաւէններ, որոնցմէ մեր փառատօնի կոմիտէն կ՛ընտրէ բուռ մը՝ մեր ֆիլմերու ցուցադրութեան համար: Այս տարուան փառատօնի «կալա»ի բացման ժապաւէնը պիտի ըլլայ Սիմոն Աբգարեանի գլխաւոր դերակատարութեամբ՝ Ռոպէր Կէտիկեանի «Army of Crime»ը (Ոճիռի Բանակը-Armee du Crime), որուն պիտի յաջորդէ Սերժ Աւետիքեանի «Barking Island» (Պատմութեան Շունը-Chienne dHistoire) կարճ շարժանկարը, որ այս տարուան Քաննի փառատօնի դափնեկիրն էր: Հոկտեմբեր 29-31ի ամբողջ շաբաթավերջի տեւողութեան ֆիլմեր պիտի ցուցադրենք:
Պոսթընի տարեկան ֆիլմի փառատօնի հիմնադրումը, Հայկական ձայնը կատարողական արուեստի, թատրոնի եւ շարժարուեստի աշխարհի բեմին վրայ արտացոլացնելու մեր առաքելութիւնը կատարեալ կերպով յառաջ մղեց:
ADAA այս տարուան հեղինակաւոր Լոս Անճելըս Ֆիլմի փառատօնին եւս հովանաւոր էր եւ ներկայացուց Ռոպէր Կէտիկեանի «Army of Crime» ժապաւէնը:
ՃՈՐՃ ԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Իսկ որո՞նք կ՛աջակցին ձեր կազմակերպութեան:
ՊԻԱՆՔԱ ՊԱՂԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Ունինք անհատական նուիրատուներ եւ հովանաւորներ՝ Պոսթըն եւ Լոս Անճելըս քաղաքները (քաղաքապետարանները), հայ համայնքի անդամներ, արուեստագէտներ, բեմադրիչներ եւ թատերագիրներ, որոնց թիւը տարուէ տարի աճած է: ADAA-ը նաեւ ունի հարիւրաւոր կամաւորներու խումբ մը, որ անգնահատելի նեցուկ մը կը հանդիսանայ այս կազմակերպութեան: Մենք երախտապարտ ենք առաջնորդ Յովնան Տէրտէրեանին եւ Պըրպենքի Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանին, որոնք այս տարի շարունակ նեցուկ կանգնեցան մեզի:

Նկատի ունենալով, որ ամէն տարի կազմակերպութիւնը կը ծաւալի, կը յուսանք, որ անիկա շարունակէ յենարան հանդիսանալ սկսնակ տաղանդներուն համար, որպէսզի անոնք կարենան գտնել համագործակցութեան դաշտ, օգնականներ, միջոցներ, եւ իրենց ստեղծագործութիւնները՝ հայկական պատմութիւնները, տեսնուին աշխարհի բեմերուն վրայ: