ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
Աստուած Որո՞ւ Կը Նմանի
ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Աստուծոյ արտաքին երեւոյթին մասին շատ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերեն մարդիկ: Մանկական տարիքէ սկսեալ լսած ըլլալով անոր սպիտակահեր ծերունիի կերպարանք ունենալուն զրոյցները, որոնք մանկավարժական նկատումներով կը բացատրուին ծնողներու եւ ուսուցիչներու կողմէ, միշտ այդ տպաւորութեան տակ կը մնան: Յատկապէս Աստուծոյ «պատժող» բնութեան մասին զգուշութեամբ պէտք է դաստիարակել մանուկները, որպէսզի անխիղճ Արարիչի պատկերը չ՛ուրուագծուի անոնց մանկական մտապաստառին վրայ:
Հոգեբաններու կատարած ուսումնասիրութեան համաձայն, իրենց հետագայ կեանքի ընթացքին պատահող անակնկալ դժբախտութիւններու պարագային, մարդիկ պատասխանատու պիտի չնկատէին զԱստուած, եթէ իրենց մանկութեան այնքան լսած չըլլային «խիստ» Աստուծոյ մասին, որ «քար կը նետէ երկինքէն», «կը բարկանայ», «կը պատժէ», «կը կուրցնէ» եւ նման այլ չարիքներ կը հասցնէ մարդկութեան: Մանուկները դաստիարակելու այնքան զգուշաւոր պարտաւորութեան մէջ, ծնողներ ու դաստիարակներ պարտին նաեւ «գգուող ու շոյող», «գնահատող ու վարձատրող», «խնամող ու սփոփող» եւ այլ մարդասիրական առաքինութիւններով արտայայտուող Աստուծոյ մասին պատմել, որուն ամէնէն կարեւոր գործն է մանուկները սիրել ու հոգալ անոնց համար, իբրեւ իր ձեռքով ստեղծուած երկրաւոր անմեղ հրեշտակներ:
Իւրաքանչիւր մանուկի ծնունդը խանդավառութեան ալիք կը բարձրացնէ տուեալ զոյգին, անոնց հարազատներուն ու ամբողջ շրջապատին մօտ: Ճիշդ է, մանուկը լացով կը ծնի ու տխուր դէմքով կը մտնէ այս աշխարհը, սակայն իր լացը եւ նոյնիսկ իր տխուր դէմքը, ծիծաղ եւ ուրախութիւն կը պատճառէ ամէնուն: Ինք կու լայ, մինչ ծնողներ ու շրջապատը ամբողջ կը խնդան… ի՜նչ հակասութիւն զգացումներու, որոնք սակայն այդ պահուն կը նոյնանան:
Մանուկին ծնունդէն անմիջապէս ետք, առաջին հարցումներէն մէկը, նոյնիսկ անոր քով գտնուողներուն միջեւ, կ՛ըլլայ հետեւեալը.
-Որո՞ւ կը նմանի:
Այնուհետեւ կը սկսին բաղդատականներ՝ աչքերու ձեւին ու գոյնին, քիթի խոռոչներուն լայնութեան կամ նեղութեան, մազի խտութեան կամ ցանցառութեան, ականջներու չափին, մորթի գոյնին թէ այլ մանրամասնութիւններու: Անշուշտ առաջին հերթին նմանութիւն կ՛ուզեն տեսնել նորածինին հօրն ու մօրը հետ: Արդեօ՞ք կը վախնան լսուած այն զրոյցներէն, թէ նորածին երեխաները յաճախ կը փոխուին դայեակներու կողմէ: Այդ օրերը անցած են արդէն, սակայն պատահած դէպքերուն ծանրութիւնը այնքան ազդած է մարդկութեան սրտին, որ յառաջադէմ այս դարուն անգամ, երբ նոյնիսկ համացանցով կը հետեւին ծննդաբերութեան, մարդիկ չեն մոռնար անցեալը:
Երկրորդ հանգրուանին կը սկսին նմանութեան բաղդատական ընել նորածինին երկու կողմի մեծ ծնողներուն հետ: Այս պարագային յատկապէս կը նշուին դէմքի գիծեր, աչքերու գոյն եւ այլ մանրամասնութիւններ: Յանկարծ կրնայ պատահիլ, որ հօրն ու մօր սեւ աչքերուն հակառակ, երեխան կրնայ ծնիլ կապտաչու: Այս պարագային յիշողութեան վրայ հիմնուած «ուսումնասիրութիւններ» կը կատարուին, անպայման գտնելու համար մէկը գերդաստանին մէջ, որ գուցէ մի քանի սերունդ առաջ ապրած, բայց կապոյտ աչք ունեցած ըլլայ:
Մայր մը ինչքան կը տառապի արդեօք, նախքան ծննդաբերութիւնը, մտածելով թէ ինչպիսի՞ զաւակ պիտի բերէ աշխարհ. արդեօ՞ք գեղեցիկ պիտի ըլլայ, կամ կատարեալ առողջութիւն պիտի ունենա՞յ: Արդեօ՞ք իմացական բացառիկ կարողութեամբ օժտուած պիտի ըլլայ: Բնականաբար իւրաքանչիւր մօր համար իր զաւակը ամէնէն կատարեալն է: Սակայն, մայր մը լաւապէս կը ճանչնայ իր ծնած զաւակը, եւ նոյնիսկ եթէ անկատար ծնած ըլլայ ան, իրեն համար կատարեալ պէտք է թուի: Սա կամաւոր «մայրական կուրութիւն» է, որուն լաւ որ դեղ ու դարման չկայ…:
Մեր ծնած զաւակներուն մեր հետ ունեցած նմանութեան մասին եթէ այսքան մտահոգ են մարդիկ, մի՛ զարմանաք որ անոնք նոյնքան եւս հետաքրքրուած են ու մտահոգ, թէ Աստուա՛ծ որո՞ւ կը նմանի:
Յիսուսի պատկերները ու անոր երիտասարդական տարիներուն ծաւալած երեքամեայ գործունէութիւնը շատ աւելի նիւթ ունենալով, Աւետարաններուն ճամբով մարդոց մտքին մէջ Անոր պատկերը աւելի յստակ դրոշմուած է, քան՝ Աստուծոյ վերացական պատկերը՝ սպիտակ մօրուքով բարի ծերունին իբրեւ:
Աստուածաբանականօրէն նոյնիսկ սխալ է աննիւթեղէն Հօր Աստուծոյ դիմագիծը պատկերով ներկայացնելը: Սակայն Երրորդութեան պատկերը աւելի խօսուն ու անոր գաղափարը հաղորդական դարձնելու համար, անցնող դարերու նկարիչներ յաղթական Քրիստոսի կողքին նկարած են աղաւնին՝ իբրեւ Սուրբ Հոգիի կերպար, ինչպէս նաեւ Հայրն Աստուած՝ վերեւ նշուած արքայափառ ծերունիի կերպարով:
Մարդ ինքզինք տեսնելու համար հայելին հնարած է: Վստահաբար նախապէս լճացած հանդարտ ջուրի մէջ տեսաւ իր դէմքը նախամարդը, եւ այդպիսով ճանչցաւ ինքզինք: Այնուհետեւ մտածեց իր արտաքին տեսքը կարգաւորելու մասին, որու համար ինչքան գումարներ կը մսխուին ամէն օր աշխարհի վրայ:
Ինքզինք տեսնելու համար եթէ հայելիի կարիքը կը զգայ մարդ, սակայն Աստուած տեսնելու համար պէտք չունի հայելիի: Ամէնէն գործնական հայելին կը գտնուի ընկերային կեանքի մէջ: Աստուած քեզի, ինծի, եղբօրդ, քրոջդ, ազգականիդ, բարեկամիդ, դրացիիդ, ծանօթիդ, անծանօթիդ ու նոյնիսկ թշնամիիդ կը նմանի:
-Նմանիդ նայէ՛ ու զԱստուած պիտի տեսնես…:
Աստուած քեզի կը նայի նմանիդ աչքերու հայելիին մէջէն: Ամէնէն ջինջ ու ամէնէն փայլուն հայելին է անիկա այս կեանքի: Այս հայելին չի՛ խաբեր բնաւ: Անոր ետին կպցուած թուղթ գոյութիւն չունի: Անիկա նաեւ կրնայ խօսիլ քեզի, ու Աստուծոյ ձայնը հանդիսանալ յաճախ:
Այո՛, Աստուած նաեւ քեզի՛ կը նմանի, եթէ գիտնաս Անոր պատկերը անայլայլ պահել հոգիին պաստառին վրայ: Բարոյական իւրաքանչիւր արարքդ վրձինի հարուած է, հոգիիդ մէջ ամրացուած պաստառին վրայ, որուն ամբողջութիւնը Աստուծոյ պատկերը պիտի կազմէ քու մէջդ:
Աստուած քեզի՛ կը նմանի քո՛ւ կամքովդ ու փափաքիդ համաձայն: Այլապէս ան իր պատկերը ըլլալիք պաստառը կը քակէ հոգիէդ, որպէսզի չպղծես զանիկա մոլութիւններովդ ու վատ արարքներովդ: Աստուծոյ պատկերը իբրեւ կնիք իր ստեղծած մարդուն վրայ, գեղեցիկ էր ու անթերի, սակայն մարդը իր կեանքի ընթացքով մուր քսեց անոր վրայ:
Փրկիչդ՝ Քրիստոս, իր արիւնով վերստին գծանկարեց իսկական պատկերը Աստուածային գեղեցկութեան, որ մարդուն փրկագործութեամբ իրականացաւ: Այդ պատկերը կը պատասխանէ, քեզ այնքան տառապեցնող հարցումին, թէ՝ Աստուած որո՞ւ կը նմանի:
-Աստուած քեզի ու ինծի կը նմանի, ու մենք՝ Աստուծոյ նման ստեղծուած ենք:
Գրիգոր Ծ. Վրդ. Չիֆթճեանի յօդուածը «ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ» շահեկան նիւթ մը ըլլալով միշտ հետաքրքրուած եմ կարդալու այս էջերով ուրկէ կ՝արտատպեմ «ՇԱԲԱԹՕՐԵԱՅ ՆԱՄԱԿ»ին մեջ։
Թէ և ծանօթ եմ իր դիմագիծին՝ Անթիլիասեն ինծի ղրկած Ե-նամակներով Լուրերուն ու Պատկերներուն մեջեն. բայց զարմանալի է երբ առաջին անգամ ըլլալով իր պատկերը կը ներկայացնէք՝ կարծեմ զուգադիպութեամբ «Աստուած Որո՞ւ Կը Նմանի» նիւթով.
Աստուած իր պատկերով ստեղծած է մարդ արարածը, ուստի բնականաբար մարդկային
կերպարանք ունի, մեծ մօրուքով…..ինչպէս որ Աստուածաշունջը մեզ կ՝ըսէ,
եւ երկինքեն երեք խնցոր ինկաւ….