ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Երեքշաբթի, Յուլիս 27էն սկսեալ, «Ապրիլ» գրատան Գիրքի ակումբը պիտի քննէ Նենսի Մեխակեանի «Siren՛s Feast: An Edible Odyssey» հատորը՝ առաջնորդութեամբ Աթինա Յարութիւնեանի:
Քննարկումները տեղի պիտի ունենան գրատան մէջ, Յուլիս 27ին եւ Օգոստոս 10ին, երեկոյեան ժամը 7:30էն սկսեալ: Մասնակցիլ փափաքողները պէտք է Յուլիս 27ի հանդիպումէն առաջ կարդան հատորին առաջին 17 գլուխները:
Սոյն քննարկումը պիտի ըլլայ այս տարեշրջանին վերջինը: Ցարդ տեղի ունեցած քննարկումներէն իւրաքանչիւրին մասնակցած է միջին հաշիւով 12 հոգի:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (818) 243-4112 թիւին կամ noor@abrilbooks.com հասցէին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.