ԺՈՒԼԻԵԹ ԴԱՒԹԵԱՆ

Ահա կէս տարի անցաւ «Կաքաւիկ Մանկական Հանդէս»ի հրատարակութենէն: Կէս տարի մը, որ լի էր հրճուանքներով, գնահատանքներով, ծափահարութիւններով, դրական ու բացասական անակնկալներով, երբեմն ալ՝ հիասթափութիւններով: Իսկ շուտով հրապարակ պիտի իջնէ «Կաքաւիկ» համար 5ը՝ աւելի յղկուած, կերպարանափոխուած, բարելաւուած:
Տնտեսական այս դժուարին պայմաններու մէջ դիւրին չէ եղած հրատարակել այնպիսի պարբերաթերթ մը, որու նմանը Միացեալ նահանգներու մէջ ցարդ չէ տպագրուած: Հրատարակութիւն մը, որու հանդիսատեսը-ընթերցողը կը կազմեն մեր համայնքի փոքրագոյն անդամները, թէ տարիքային ու թէ քանակային տեսակէտէն: Այս ամէնով հանդերձ անցեալ վեց ամիսներու ընթացքին «Կաքաւիկ»ը յաջողած է ունենալ յառաջդիմութիւն ու բարելաւում, թէ նիւթերով եւ թէ տպագրական իր որակով:
Այս բոլորն անշուշտ կը պատճառեն աննկարագրելի, անհամեմատելի, անփոխարինելի հաճոյք մը: Գրել, աշխատիլ, ջանք թափել մատղաշ սերունդի մը համար ոչ միայն գերագոյն հոգեկան բաւարարուածութիւն կու տայ, այլ՝ այն սրբագոյն պարտականութեան մը կը վերածուի, որ կը դառնայ ամենօրեայ կեանքի անբաժանելի մասնիկ մը:
Անցեալ վեց ամիսներու ընթացքին «Կաքաւիկ»ը ոչ միայն իր մանկական թերթին հրատարակութեամբ զբաղած է, այլ՝ այցելած է դպրոցներ, կազմակերպութիւններ, ճամբարներ, հաղորդուած մանուկներու հետ, ունեցած մանկական պատմութիւններու երեկոներ ու վերջերս արդէն իսկ տիկնիկային թատրոններ:
«Կաքաւիկ մանկական հանդէս»ը իր նպատակներէն մին դարձուցած է տիկնիկային թատրոններու, բեմականութիւններու ճամբով եւ ժամանակակից ու դիւրըմբռնելի ձեւերով հայ մատղաշ սերունդին ներկայացնել հայ, եւ ինչու չէ՝ նաեւ միջազգային մանկական գրականութեան գոհարները՝ արեւելահայերէնով եւ արեւմտահայերէնով:
Այս անցած վեց ամսուայ ճամբան կարելի պիտի չըլլար կտրել եթէ «Կաքաւիկ»ը վայլած չըլլար ոչ միայն մանուկներու ու դաստիարակներու հովանաւորութիւնն ու քաջալերանքը այլ նաեւ համայնքիս մէջ ապրող ու աշխատող, ազգային գաղափարախօսութեան ջատագովներու, հայ նոր սերունդի դաստիարակութեամբ մտահոգուողներու ու գուրգուրացողներու նեցուկն ու աջակցութիւնը: Առ այդ՝ այս գրութեամբ ու հրապարակաւ կը ներկայացնեմ այդ հովանաւորներու ցանկը ու «Կաքաւիկ մանկական հանդէս»ի անունով անգամ մը եւս ջերմ շնորհակալութիւններ կը յայտնեմ բոլոր անոնց, որոնք բարոյապէս եւ նիւթապէս նեցուկ կանգնած են «Կաքաւիկ»ին:
Այս բոլորին մէջ, սակայն կարելի չէ իւրայատուկ կերպով չնշել «Կաքաւիկ»ի կնքամայր, համայնքի ջատագովներէն ու բարերաներէն տիկին Հայկուշ Քոհլըրի ցուցաբերած հոգածութիւնը եւ գուրգուրանքը «Կաքաւիկ»ի նկատմամբ: Ամենայն անկեղծութեամբ եւ համարձակօրէն կարելի է ըսել, որ առանց տիկ. Քոհլըրի անշահախնդիր ու անկեղծ օժանդակութիւններուն կարելի պիտի չըլլար ապահովել «Կաքաւիկ»ի շարունակական տպագրութիւնը: Առ այդ՝ անգամ մը եւս Ձեզմէ Տիկ. Քոհլըր, շնորհակալ եմ:
«Կաքաւիկ Մանկական Հանդէս»ի ցարդ հովանաւորներու ցանկ.-
Ա) Հայկուշ Քոհլըր
Բ) Նշան եւ Ռուբինա Փիրումէան
Գ) Դր. Մարք Քօշքըր
Դ) Փիէր եւ Քաթի Չրախճէան
Է) Նիկ եւ Մերի Կանեան
Զ) Ստեփան եւ Վանա Պոյաճեան
Է) Միրօ եւ Սիւզի Խանզատեան
Ը) Թօփալեան Հիմնադրամ
Թ) ՀՕՄի Արեւմտեան Ամերիկայի մասնաճիւղեր
Ժ) Ալէք եւ Ալենուշ Բաղդասարեան
Ի) Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի Պարոյր Սեւակ (Վէլլի) մասնաճիւղ
ԺՈՒԼԻԵԹ ԴԱՒԹԵԱՆ «Կաքաւիկ մանկական հանդէս»ի հիմնդաիր-խմբագիրն է
Յ.Գ. Յուլիս 25-Կլենտէյլ Պորտըրզ, 2րդ յարկ, մանուկներու բաժին, ժամը 13:00ին, տեղի կունենայ «Կաքաւիկ»ի տիկնիկային թատրոնի ներկայացում: Մուտքը անվճար: