ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- «Հայկական անհիմն պնդումներու դէմ պայքարի միութիւն» կոչուած կազմակերպութեան նախագահ Կէօքսել Կիւլպէյ յայտնեց, թէ հայկական վարժարաններու մասին կրթական նախարարութեան ուղղած իր հարցումներուն բացատրութիւններէն ի յայտ եկած է, թէ միայն հայ աշակերտներ կ՛ուսանին հայկական դպրոցներուն մէջ։
«Ինչո՞ւ այսպիսի բացատրութեան մը կարիքը զգացուած է արդեօք։ Լուրի հաղորդումի ձեւէն կ՛ենթադրենք, որ ոմանք պնդած են, թէ հայկական վարժարաններու մէջ հայկական քարոզչութիւն կը կատարուի։ Կրթութեան նախարարուհի Նիմէթ Չուպուքճու պատասխանած է, որ հայկական դպրոցները կրթական տնօրէնութեան հակակշռին տակ են ու հոն հայկական քարոզչութիւն չի կատարուիր։ Ըստ օրէնքի, արդէն հայկական դպրոցներուն մէջ միայն թրքահայ ընտանիքներու զաւակները կրնան ուսանիլ», կը գրէ «Մարմարա»։
Դպրոցներուն կրթական ու ուսուցման ծրագիրը ճշդուած է կրթական նախարարութեան կողմէ: 22 հայկական դպրոցներէն միայն «Գարակէօզեան»ն է, որ գիշերօթիկ աշակերտի դրութիւն ունի, դարձեալ ըստ օրէնքի: Թրքերէն դասերու ուսուցիչները կը նշանակուին կրթական իշխանութիւններու կողմէ ու անոնցմէ մէկը կը կատարէ նաեւ փոխտնօրէնի պաշտօն։ Քննիչներ պարբերաբար քննութիւններ կը կատարեն դպրոցներու մէջ, ուստի դպրոցները հակակշռի տակ են։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.