ՆԻՒ ՃԸՐԶԻ.- ՀՄԸՄի Արեւելեան Մ. Նահանգներու քսաներորդ Միջ-մասնաճիւղային մարզախաղերը, Յուլիսի առաջին շաբաթավերջին տեղի ունեցան Նիւ Ճըրզիի մէջ:
Հոծ բազմութիւն մը, չորս օր շարունակ հետեւեցաւ ֆութպոլի, պասքեթպոլի, վոլիպոլի, լողարշաւի, վազքի, թենիսի եւ փինկ-փոնկի մրցումներու:
Սոյն մարզախաղերուն իրենց մասնակցութիւնը բերին ՀՄԸՄի Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի տասը մասնաճիւղերէն աւելի քան վեց հարիւր մարզիկ-մարզիկուհիներ, որոնք ժամանած էին Պոսթընէն, Շիքակոյէն, Նիւ Եորքէն, Նիւ Ճըրզիէն, Ֆիլատելֆիայէն, Ֆլորիտայէն, Ուաշինկթընէն, Փրովիտընսէն, Տիթրոյիթէն, Ալպընիէն եւ Թորոնթոյէն: Մարզիկները իջեւանեցին Նիւ Ճըրզիի «Հոլիտէյ Ինն» պանդոկը ու հիւրընկալուեցան ՀՄԸՄի տեղւոյն մասնաճիւղին կողմէ:
Մարզախաղերը տեղի ունեցան Հինգշաբթի Յուլիս 1էն մինչեւ Կիրակի Յուլիս 4՝ ծիլ, փոքր, կրտսեր, երէց եւ վեթերան մարզիկ-մարզիկուհիներու դասակարգերով: Բացման հանդիսութեան ներկայ էին օրուան պատուոյ հիւրերը՝ Օշական արք. Չօլոյեան, Նիւ Ճըրզիի ՀՅԴ կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ժան Աւետիսեան, ՀՄԸՄի կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Վահրամ Դանիէլեան, ՀՄԸՄի շրջանային վարչութեան ատենապետ Պետրոս Տէր Վարդանեան եւ հոծ բազմութիւն մը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.