ՊՈԼԻՍ.- «Էյ.Էն.Էֆ.» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Կիրակի, Յուլիս 25ի երեկոյեան, Թուրքիոյ մէջ թուրք ազգայնամոլներու եւ քիւրտերու միջեւ կատաղի բախում տեղի ունեցած է Պուրսայի Ինեկիւլ շրջանին մէջ, թուրք ազգայնամոլներու գրգռիչ գործողութիւններուն պատճառով։ Անոնք Օրհանիյէ թաղէն անցնող քիւրտ վարորդներէն մէկուն զգուշացուցած են այլեւս չերթեւեկել այդ շրջանին մէջ, որուն հետեւանքով վարորդին եւ ազգայնամոլներուն միջեւ վէճ ծագած է։ Վերջիններս դաժանաբար ծեծած են երիտասարդ քիւրտը, որ դէպքէն քիչ ետք այդ թաղամասը վերադարձած է իր երեք ընկերներուն հետ եւ թուրք ազգայնականներու սրճարան մը մտնելով՝ դաշունահարած հինգ թուրք։
Դէպքի վայր ժամանած ոստիկանութիւնը ձերբակալած է երեք քիւրտ։ Քիչ ետք շրջանի ոստիկանութեան բաժանմունքին մօտ հաւաքուած են շուրջ երեք հազար թուրք ազգայնամոլներ եւ սկսած են պոռալու. «Անկցի Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութիւնը», «Նահատակները անմահ են. հայրենիքը՝ անբաժան» եւ այն: Անոնք նաեւ սկսած են քարկոծելու ոստիկանութեան շէնքը, որուն հետեւանքով թուրք ազգայնամոլներու եւ թուրք ոստիկաններուն միջեւ եւս բախում տեղի ունեցած է։ Ազգայնամոլները յարձակած են եւ ջարդուփշուր ըրած ոստիկանական 8 ինքնաշարժ, ու վիրաւորած են 10 ոստիկան։ Ապա, ազգայնամոլները սկսած են Ինեկիւլի շրջանին մէջ քիւրտերուն պատկանող տուներուն եւ խանութներուն վրայ յարձակումներ գործելու։ Անոնք հրկիզած են խանութներ եւ ինքնաշարժներ։
Զէյնեփ անունով քիւրտ մը ըսած է, որ խռովարարները քիւրտերուն պատկանող ամէն ինչ ջարդուփշուր ըրած են։ «Կը քարկոծեն մեր տուները։ Երեխաները սարսափի մէջ են։ Դանակներով եւ մահակներով զինուած այդ խումբերը քիւրտերու որսի ելած են», աւելցուցած է ան։ Կացութիւնը զսպելու համար, շրջան ուղարկուած են կիսազինուորական ստորաբաժանումներ, որոնք ձերբակալած են քանի մը տասնեակ խռովարարներ։
Քրտական լրատուամիջոցները տեղի ունեցածը կը նմանցնեն Սեպտեմբեր 6-7, 1955ի իրադարձութիւններուն, երբ Պոլսոյ եւ Իզմիրի մէջ թուրք ջարդարարներ յարձակեցան հայկական եւ յունական թաղամասերու վրայ, թալանեցին, այրեցին ու ջարդուփշուր ըրին հայերուն եւ յոյներուն պատկանող տուներ, խանութներ, եկեղեցիներ, դպրոցներ, եւ մարդիկ խոշտանգեցին, բռնաբարեցին ու սպաննեցին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.