ԹԵՀՐԱՆ.- Իրանեան «Մեհր» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Իրանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ կազի փոխանակման 2004ի համաձայնագիրը կրնայ մօտիկ ապագային չեղեալ յայտարարուիլ։ Ատրպէյճանէն օրական մէկ միլիոն խորանարդ մեթր կազ Իրանի տարածքով կ՛առաքուի Նախիջեւան։ Սակայն վերջերս Ատրպէյճանի, Թուրքիոյ եւ Նախիջեւանի միջեւ նոր համաձայնագիր մը ստորագրուած է, ըստ որուն, կը նախատեսուի Ատրպէյճանի տարածքով տարեկան 500 միլիոն խորանարդ մեթր կազ արտածել Թուրքիա, որ առանց տարանցման վճարումներու, ատրպեճանական կազը պիտի առաքէ Նախիջեւան։
Իրանցի փորձագէտ Մահմուտ Խաղանիի կարծիքով, Ատրպէյճանի ղեկավարութիւնը, Թուրքիոյ հետ կնքելով նոր համաձայնագիր՝ կ՛ուզէ նուազեցնել Իրանէն իր տնտեսական կախուածութիւնը։
Իրանի կազի արտահանման ազգային ընկերութեան նախկին տնօրէն Սայետ Ռեզա Քեսայի, «Մեհր»ին հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ անցեալ վեց տարիներուն ընթացքին Իրան անշեղօրէն կատարած է համաձայնագիրի դրոյթները, իսկ ուժանիւթի հարցերով փորձագէտ Նարս Ղորպան նշած է, որ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ միջեւ կնքուած համաձայնագիրը առաւելաբար քաղաքական նպատակ կը հետապնդէ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.