ԱՂԵՔՍԱՆԴՐԻԱ.- Կիրակի, Յուլիս 25ին, Գահիրէի ՀՄԸՄի «Նուպար» պասքեթպոլի խումբը յաջողեցաւ ձեռք ձգել եգիպտահայ պասքեթպոլի 2010 տարեշրջանի առաջին միջ-ակումբային մրցաշարքի բաժակը, յաղթելէ ետք հիւրընկալ ակումբին՝ Աղեքսադրիոյ ՀՄԸՄի «Նուպար» խումբին՝ 88-73 արդիւնքով:
«Դիւրին մրցում էր», կ՛ըսէ Գահիրէի ՀՄԸՄ «Նուպար»ի երէց տղոց խումբի վարչական պատասխանատու Յակոբ Գարակէօզեան, եւ կ՛աւելցնէ. «Բոլոր խաղացողներուն առիթ տուինք որ մասնակցին, մանաւանդ, որ մեր ուժի վաթսուն առ հարիւրով միայն կը խաղայինք այսօր՝ բաղդատած երէկուան («Արարատ»ի) մրցումին, ուր մեր առաւելագոյն ուժով խաղացինք»:
Մրցաշարքը կազմակերպուած էր Եգիպտոսի Հայոց առաջնորդ Աշոտ եպս. Մնացականեանի հովանաւորութեամբ եւ Գահիրէի Թեմական ժողովի ատենապետ Անդրանիկ Մեսրոպեանի նախագահութեամբ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.