ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Ֆութպոլի աշխարհի եւ Եւրոպայի ախոյեան, Ֆրանսայի ազգային հաւաքականի անդամ Եուրի Ճորքայէֆ, francefootball.fr-ի թղթակիցին հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, որ կը փափաքի գլխաւորել Հայաստանի հաւաքականը:
Ան յայտնած է, որ առայժմ ՀՖՖէն (Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոն) համապատասխան առաջարկ չէ ստացած, սակայն շեշտած է նաեւ, որ եթէ նման առաջարկ ստանայ, ապա անպայման պիտի մտածէ այդ մասին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.