ՊԷՅՐՈՒԹ.- Կիրակի, Յուլիս 25ին, Արամ Ա. կաթողիկոս, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի հայրապետական ամարանոցին մէջ ընդունեց Սուրիոյ Հայ համալսարանականներու միութեան անդամներէն շուրջ 40 հոգի: Հանդիպման ընթացքին հայ համալսարանականները իրազեկ դարձան այն աշխատանքներուն մասին, որոնք հայ եկեղեցին եւ յատկապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը կը կատարէ հայ երիտասարդութեան համար:
Սուրիոյ տարածքին ընդհանրապէս հայ ուսանողութեան եւ յատկապէս հայ համալսարանականներու հաւաքական աշխատանքներուն մասին զեկուցումէ ետք, ներկաները իրենց հարցումներով դիմեցին վեհափառին, յատկապէս՝ հայ երիտասարդութիւնը եւ հայկական գաղութները յուզող հարցերուն մասին լուսաբանութիւն ստանալու համար:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.