ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ֆրանսական «Ֆրանս 2» պատկերասփիւռի կայանը պիտի սփռէ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին պատմող «Ազատ» խորագիրով գեղարուեստական նոր ֆիլմ մը: Շարժապատկերը բեմադրած է ֆրանսահայ երիտասարդ բեմադրիչ Նիքոլա Թակեան:
Ֆիլմը կը ներկայացնէ բեմադրիչին՝ Ցեղասպանութենէն մազապուրծ մեծ հօր պատմութիւնը՝ հիմնուած անոր ձեռագիրներուն վրայ: Բեմադրիչը իր ժապաւէնով կը բացայայտէ իր ինքնութեան արմատները:
«Ազատ»ը Ն. Թակեանի առաջին ֆիլմն է: Ֆրանսայի մէջ արդէն քանի մը մրցանակներ շահած է անիկա: Պատկերասփիւռի երկու այլ ֆիլմերու կողքին, հայազգի բեմադրիչին ֆիլմը «Ֆրանս 2» պատկերասփիւռի կայանին կողմէ ընտրուած է՝ 250 ֆիլմերու ընդմէջէն:
«Ամենամեծ ցանկութիւնս այն է, որ շատեր դիտեն այս ֆիլմը եւ խորհին հայ ժողովուրդին ապրած տանջանքներուն մասին», ըսած է Ն. Թակեան: Ան իր ընտանիքին պատմութիւնը բացայայտած է չծրագրուած եւ անսպասելի կերպով՝ ի հակադարձութիւն թուրքի մը, որ իմանալով Նիքոլայի հայ ըլլալը՝ հակահայ ելոյթներ ունեցած էր:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.