Երկուշաբթի, Յուլիս 26ի համացանցային իր օրագրութեան մէջ, Գիւմրիի մէջ շարունակուող Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան Երիտասարդական ջոկատներ ծրագիրին մասնակիցներէն Մարէ Սարգունի կը գրէ իր առաջին շաբաթներու փորձառութեան մասին, ընդունելով, որ խորհրդատուի իր պաշտօնը, իր կեանքին ամենայոգնեցուցիչ պարտականութիւնը եղած է ցարդ, նկատի ունենալով, որ ճամբարին մասնակցող երեխաները այնքան աշխոյժ են, որ «իրենց համար նստիլը բան մը չէ, զոր յաճախ կ՛ընեն, եւ բաւարար ջանք պէտք է անոնց հետ քայլ պահելու համար»:
Ան կ՛ընդունի, թէ խորհրդատուներուն մէջ ինք ամենամեծ լրջութեամբ կը մօտենայ ճամբարներու ընթացքին կազմուած «Կարմիր», «Կապոյտ» եւ «Նարնջագոյն» խումբերու միջեւ մրցակցութեան, այնուամենայնիւ, իր խումբը շարունաբարար երկրորդ կը հանդիսանայ…
Մարէ կ՛աւելցնէ, թէ ճամբարի առաջին շաբթուան աւարտին (Ուրբաթ, Յուլիս 23ին), երբ խորհրդատուները իրենց կեանքին «հինգ ամենայոգնեցուցիչ օրերուն» վերջակէտը դրած են, որոշուած է Հայաստանի ամենաբարձր կէտը՝ Արագած լերը բարձրանալ, ինչ որ հանդիսացած է իրենց կողմէ յաղթահարուած մարտահրաւէր մը եւս:
«Մեր ակնկալածէն աւելի ցուրտ էր, սակայն տեսարանը անհաւատալի էր: Ձիւնի, ծոտերու եւ քարերու խառնուրդ մը կար մեր տեսադաշտին մէջ», կը գրէ ան եւ կ՛աւելցնէ, թէ խումբի անդամներու մէկ մասին համար, գագաթ հասնելու խթաններէն մէկը եղած է երեկոյեան «խաշ» ուտելու խոստումը:
Գիւմրիի մէջ կարօտեալ պատանիներու ճամբարներուն երկրորդ շաբաթը արդէն իսկ իր աւարտին կը մօտենայ:
Ծրագիրի աշխատանքներուն կարելի է հետեւիլ ayfyouthcorps.org համացանցային հասցէով, իսկ անոր աջակցելու համար, կարելի է այցելել ayfyouthcorps.org/support կայքէջը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.