ՊԸՐՊԵՆՔ.- Առաջնորդանիստ Մայր եկեղեցւոյ կառուցման աշխատանքները գրեթէ աւարտած են եւ պատրաստութիւնները կը կատարուին Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսի այցելութեան եւ եկեղեցւոյ օծման, որ տեղի պիտի ունենայ Սեպտեմբեր 11ի կէսօրէ ետք ժամը 3ին: Իսկ յաջորդ օրը՝ Կիրակի, Սեպտեմբեր 12ի առաւօտեան ժամը 10:30ին նորաօծ եկեղեցւոյ մէջ պիտի մատուցուի Հայրապետական Ս. պատարագ:
Շաբաթ, Օգոստոս 14ի երեկոյեան ժամը 6ին, առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան, մասնակցութեամբ թեմիս հոգեւորականներուն, պիտի կատարէ եկեղեցւոյ Նաւակատիքի (Դռնբացէք) արարողութիւնը, գլխաւոր մուտքի դռներու օրհնութիւնը: Մուտքի դռներու բարերարներն են՝ տէր եւ տիկին Էտմընտ Պետրոսեան, տէր եւ տիկին Արմէն Համբար, տէր եւ տիկին Միսաք Էքիզեան եւ Թոնի Գանթարճեան: Պիտի կատարուի նաեւ «Թրբանճեան փլազա»ի օրհնութիւնը եւ խաչքարի օծում, որոնց բարերարներն են տէր եւ տիկին Ժիրայր (Ճերըլտ) Թրբանճեան: Ապա տեղի պիտի ունենայ տօնախմբութիւն եւ պիտի իրագործուի մշակութային յայտագիր մը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.