
ՖՐԵԶՆՕ.- Յուլիս 3ին, Ֆրեզնոյի Ս. Պետրոս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած է յուղարկաւորութիւնը Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղին մէջ գործող Հայագիտական ծրագրին հիմքը դրած դասախօսներէն դոկտ. Արա Աւագեանի:
1912ին Պոսթըն ծնած Աւագեան իր դոկտորայի վկայականը ստացած էր Մեսեչուսեցի ճարտարագիտական հիմնարկէն (MIT), մասնագիտացած էր օդանաւային ճարտարագիտութեան մէջ, սակայն 1970էն սկսեալ, Ֆրեզնոյի համալսարանէն ներս սկսած է հետեւելու դոկտ. Լուիս Նալպանտեանի գլխաւորած հայագիտական դասընթացքներուն, որոնք սկսած էին 1967ին, ապա ինքը եւս սկսած է համալսարանէն ներս դասընթացքներ կազմակերպելու հայկական մշակոյթին մասին:
1976ին, դոկտ. Աւագեան հան-գստեան կը կոչուի: 1977ին համալսարանի Հայագիտական ուսմանց ղեկը ստացած դոկտ. Տիգրան Գույումճեանը դրուատած է Հայագիտական ծրագիրի ստեղծման աշխատանքներուն մէջ Աւագեանի ներդրումը եւ պատմած, թէ Աւագեան ինչպէ՛ս իր երիտասարդ տարիքէն իսկ հայութեամբ մօտէն հետաքրքրուած էր, եւ 1935ին նոյնիսկ Փարիզ մեկնած էր՝ այցելելու մահուան սեմին գտնուող Կոմիտաս վարդապետին:
Աւագեան նաեւ երկար տարիներով Ս. Պետոս եկեղեցւոյ երգչախումբին խմբավարը եղած է, իսկ 2003ին իր 3000 հատորներու հաւաքածոն նուիրած էր համալսարանի գրադարանին:
Ան հեղինակն է զանազան ուսումնասիրական հատորներու եւ անգլերէնով վէպի մը՝ «The Eaglet», իսկ հայերէնէ անգլերէն թարգմանած է 10 հատորներ: