ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի պատուոյ դասախօսներէն, քարիւղի մասնագէտ փրոֆ. Ճորճ Չիլինկիրեան, յաջորդական 25րդ տարին ըլլալով Հոնտուրասի պատուոյ հիւպատոս վերանշանակուած է՝ այդ պատիւը անձամբ ստանալով Հոնտուրասի նորընտիր նախագահ Փերֆիրիօ Լոպոյէն: Արարողութեան աւարտին, փրոֆ. Չիլինկիրեան կոչ ըրած է ներդրումներ կատարելու Հոնտուրասի մէջ, պնդելով, թէ յատկապէս երկրին քարիւղի մարզին մէջ ներդրումներ կատարելու լաւ առիթներ գոյութիւն ունին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.