ԵՐԵՒԱՆ.- «Ամօ՛թ ՎՏՊ», «Պոյքո՛թ ՎՏՊ», «Մտածենք առողջ ապագայի մասին», «Թեղուտի անտառների սպանդի գլխաւոր հովանաւորը՝ ՎՏՊ պանքն է» պաստառներով եւ Թեղուտի մէջ կատարուած ծառահատումներու լուսանկարներով, Յուլիս 28ին, «ՎՏՊ» դրամատան դիմաց Թեղուտի պաշտպանութեան խումբի անդամ երիտասարդներն ու բնապահպանները կազմակերպած էին ցոյց մը, որ շարունակուեցաւ նաեւ դրամատան շէնքէն ներս: Դրամատան ղեկավարութեան կամ ոեւէ այլ ներկայացուցիչի հետ հանդիպում պահանջող ցուցարարները պաստառներով մտան դրամատան նախասրահը, սակայն ոեւէ ներկայացուցիչի կողմէ ընդունելութեան չարժանանալով՝ նստան դրամատան մուտքին՝ խափանելով յաճախորդներուն եւ աշխատակիցներուն ելումուտը:
Ցուցարարներուն հետեւող քանի մը տասնեակ ոստիկանները, սակայն, փորձեցին քաշքշուկով հեռացնել զանոնք՝ վնասելով Հայաստանի Կանաչների կուսակցութեան նախագահ Արմէն Դովլաթեանի ոտքը։
Աւելի ուշ, դէպքի վայր ժամանած Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի գրասենեակի ներկայացուցիչը, զրուցելով մասնակցիներուն եւ ոստիկաններուն հետ՝ յայտնեց, թէ պատահածին մասին պիտի զեկուցէ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանին, իսկ Թեղուտի պաշտպանութեան խումբի անդամները ցրուեցան՝ յայտարարելով, թէ պիտի շարունակեն «ՎՏՊ» դրամատան դէմ ուղղուած ցոյցերը, այնքան ատեն, որ դրամատան ներկայացուցիչները չեն հանդիպիր իրենց հետ:
Նշենք, որ Թեղուտի պաշտպանութեան խումբը կ՛ահազանգէ, թէ ռուսական «ՎՏՊ» դրամատունը, Armenian Cooper Program (ACP) ընկերութեան հետ կնքած պայմանագիրին համաձայն, կը պատրաստուի այս տարի տրամադրել շուրջ 300 միլիոն տոլար վարկ՝ Թեղուտի պղնձամոլիբդենային հանքավայրի շահագործման նպատակով: Նշեալ ծրագիրով կը նախատեսուի հատել 357 հեքթար անտառ, որ բազմաթիւ բնապահպաններու գնահատականով՝ կրնայ ունենալ բնապահպանական շատ վտանգաւոր հետեւանքներ:
Յուլիս 28ի ցոյցով, Թեղուտի պաշտպանութեան խումբը «ՎՏՊ» դրամատունէն կը պահանջէր կասեցնել նշեալ անօրինական ծրագիրին հովանաւորումը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.