«Բժշկագիտական» էջը պատրաստեց՝
ՍԻՐՈՒՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ
Մայիսի կէսերուն Ֆրանսայի մէջ կատարուած ուսումնասիրութիւններէն մէկը ցոյց տուած է, թէ երիկամներու պատուաստումին ատեն երիկամ ստացող մարդոց ծանրութիւնը երիկամ նուիրող մարդոց ծանրութեան համընկնիլը կը նպաստէ պատուաստումին յաջողութեան։
Ֆրանսացի մասնագէտներու կողմէ երիկամներու պատուաստում ստացող աւելի քան հազար հոգիի վրայ կատարուած ուսումնասիրութիւններէն մէկը ցոյց տուած է, թէ անոնց մօտ, որոնց մարմնին մէջ պատուաստուած երիկամը իրենց մարմնին ծանրութեան համեմատ աւելի փոքր եղած է, շատ աւելի բարձր եղած է հետագային տարբեր բարդութիւններու յառաջացման վտանգին տարողութիւնը, նկատի ունենալով, որ իւրաքանչիւր մարմին ունի իր ծանրութեան համապատասխանող օրկաններուն չափը։
Մասնագէտները ըսած են, որ նման յայտնաբերում մը կրնայ շատ աւելի արդիւնաւէտ դարձնել երիկամներու պատուաստումը։
Միւս կողմէ, սակայն, բրիտանացի մասնագէտներ յայտնած են, թէ նկատի ունենալով, որ այնքան ալ դիւրին չէ երիկամ նուիրող գտնել, ինչպէս նաեւ նուիրուած երիկամին յատկութիւնները կրնան միշտ ալ չհամընկնիլ պատուաստումի չափանիշներուն, այսուհանդերձ, յարմար երիկամ գտնելու մասնագէտներուն դիմագրաւած դժուարութիւնը առիթ չի տար, որ անոնք իբրեւ յաւելեալ չափանիշ հաշուի առնեն նաեւ մարմնին ծանրութիւնը։
Մասնագէտները երիկամներու պատուաստում ստացած մարդոց առողջական վիճակին հետեւած են մօտաւորապէս վեց տարի։ Նաեւ անոնք ուսումնասիրած են իւրաքանչիւրին բժշկական թղթածրարը եւ գտած են, թէ անոնք, որոնց մարմնին մէջ պատուաստուած երիկամը փոքր եղած է՝ բաղդատած անոնց մարմնին ծանրութեան, հետագային շատ աւելի տառապած են առողջական հարցերէ, քան անոնք, որոնց մարմնին մէջ պատուաստուած երիկամին չափը համընկնած է իրենց մարմնին ծանրութեան։
Մասնագէտները նկատած են, որ պատուաստուած երիկամին չափը մարմնին ծանրութեան չհամընկնող մարդիկը ընդհանրապէս տառապած են արեան գերճնշումէ, երիկամին վրայ յառաջացած սպիէ, ինչպէս նաեւ անոնց մօտ յիսունհինգ առ հարիւր համեմատութեամբ բարձր եղած է պատուաստումէն երկու տարի ետք երիկամին աշխատանքին կասեցման վտանգին տարողութիւնը։
ԱՌՈՂՋԱԿԱՆ ՎԻՃԱԿԸ ՇԱՏ ԱՒԵԼԻ ԵՐԿԱՐ ԱՏԵՆ ԿԱՅՈՒՆ ՊԱՀՈՂ ԱԶԴԱԿ ՄԸ
Վերոնշեալ ուսումնասիրութիւնը գլխաւորող ֆրանսացի մասնագէտ փրոֆ. Ժան-Փօլ Սուլիլու անհրաժեշտ նկատած է, որ ուսումնասիրութենէն ձեռք ձգուած արդիւնքները անպայմանօրէն նկատի առնուին երիկամներու պատուաստում կատարող մասնագէտներուն կողմէ, այնպէս, ինչպէս անոնք, նախքան պատուաստում կատարելը, յատուկ քննութիւններ կը կատարեն, որպէսզի կարենան հաստատել, թէ պատուաստուելիք երիկամին հիւսկէնին տեսակը կը համընկնի վիրահատուելիք երիկամին հիւսկէնի տեսակին, որպէսզի, այդպիսով, նուազեցնեն հետագային մարմնի բնական պաշտպանութեան համակարգին կողմէ պատուաստուած երիկամին դէմ հակամարմիններ արտադրելու վտանգին տարողութիւնը։
Փրոֆ. Սուլիլու աւելցուցած է նաեւ, թէ նորագոյն յայտնաբերումը կրնայ նպաստել երիկամներու պատուաստումին յաջողութեան եւ առիթ կու տայ, որ մարդոց առողջական վիճակը շատ աւելի երկար ատեն կայուն մնայ։
ԿԱՐԵԼԻ ՉԷ ԵՐԻԿԱՄԻՆ ՉԱՓՆ ՈՒ ՄԱՐՄՆԻՆ ԾԱՆՐՈՒԹԻՒՆԸ ՆԿԱՏԻ ՈՒՆԵՆԱԼ՝ ԱՆՄԻæԱԿԱՆ ՊԱՏՈՒԱՍՏՈՒՄ ԿԱՏԱՐԵԼՈՒ ՊԱՐԱԳԱՅԻՆ
Նորագոյն ուսումնասիրութեան մէջ նկատի առնուած մարդոց մարմնին մէջ պատուաստուած երիկամներուն մեծ մասը ձեռք ձգուած է մահացած մարդոցմէ։ Սակայն վերջերս կարգ մը երկիրներու մէջ սկսած է հետզհետէ բարձրանալ ողջ եղող մարդոցմէ ձեռք ձգուած երիկամներով կատարուած պատուաստումներուն տարողութիւնը։ Այսպէս, օրինակ, 2008-2009 թուականներուն Բրիտանիոյ մէջ կայացած երիկամներու իննհարիւր քսանեօթը պատուաստումներուն մօտաւորապէս մէկ երրորդը կատարուած է ողջ մարդոցմէ ձեռք ձգուած երիկամներով։
Բրիտանացի մասնագէտ Քէյթ Ռիկ ըսած է, թէ Բրիտանիոյ մէջ մասնագէտներ արդէն իսկ սկսած են նկատի ունենալ մարմնին ծանրութիւնը, մասնաւորաբար երբ պատուաստուելիք երիկամները ապահովուած են ողջ մարդոցմէ։ Միւս կողմէ, սակայն, ան նշած է, թէ երբ յարմար երիկամը անմիջականօրէն գտնելը անհրաժեշտութիւն ու առաջնահերթութիւն կը դառնայ, ապա մարմնին ծանրութիւնն ու երիկամին չափը նկատի ունենալը առաւել կը բարդացնեն արդէն իսկ ստեղծուած բարդ կացութիւնը, մասնաւորաբար երբ յաճախ երիկամներուն սակաւաթիւ ըլլալը առիթ չ՛ընձեռեր անոնց միջեւ ընտրութիւն կատարելու։