ԿԱՏԻԱ ՔՈՒՇԵՐԵԱՆ.- Տիկ. Ապտուլեան, սոյն հարցազրոյցը նուիրուած է գաղութիս լաւագոյն բժիշկներէն մէկուն, Միսակ Ապտուլեանին, սակայն ձեր դիտանկիւնէն: Նախ իր մասին քանի մը կենսագրական գծեր, խնդրեմ:
ՀՈՒՐԻԿ ԱՊՏՈՒԼԵԱՆ.- Միսակ ծնած է Քեսապ. Սուրիա. Նախնական եւ երկրորդական ուսումը ստացած է տեղւոյն դպրոցներու, ապա Հալէպի մէջ: Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանէն վկայուած է որպէս միզաբան, տեղափոխուած է Լոս Անճելըս եւ իր փորձառական շրջանը բոլորած Քենթաքիի համալսարանի բժշկական կեդրոնի, ինչպէս նաեւ ամերիկեան զինուած ուժերու հիւանդանոցներուն մէջ, իբրեւ գլխաւոր միզաբան: Շուրջ տասնհինգ տարի աշխատած է միզաբաններու խումբի մը հետ, ապա անցած անհատական բժշկական գործունէութեան:
Կ.Ք.- Բժշկութիւնը աշխարհի հնագոյն մասնագիտութիւննէրէն մէկն է, որ անհատէն կը պահանջէ բարձր պատրաստականութիւն, նաեւ մարդկային բարձր յատկանիշներ: Ինչպէս կը գնահատէք բժիշկին գործունէութիւնը այս մարզէն ներս: Ինչպէս էք համագործակցած իրեն եւ ինչպիսի ներդրում ունեցած էք, որովհետեւ իւրաքանչիւր յաջողակ տղամարդու թիկունքին կին մը պէտք է փնտռել:
Հ.Ա.- Դժուար մասնագիտութիւն է բժիշկի մասնագիտութիւնը ոչ միայն իրեն, այլեւ իր ընտանիքին համար: Առանց Աստուծոյ օգնութեան, մարդը ոչինչ կարող է ընել: Բժիշկը կարողացած է իր լաւագոյնը ընել դարմանելու համար եւ ամենակարեւորը՝ սիրած է իր հիւանդներուն: Բժիշկին մասնագիտութիւնը շուրջօրեայ աշխատանք կը պարտադրէ, եւ այս տեսանկիւնէն եւս բարձր կը գնահատեմ բժիշկ Մ. Ապտուլեանին, որովհետեւ միշտ ջանացած է հիւանդներուն ոչ միայն դեղերով, այլեւ իր ներկայութեամբ եւ անոնց հետ հաղորդակցելով շուտափոյթ առողջանալու յոյս ներշնչել, ինչ որ շատ կարեւոր կէտ է: Աւելցնեմ նաեւ, որ ինքը անտրտունջ կատարած է իր գործը եւ միշտ կրկնած, թէ անգամ մը եւս ծնելու պարագային դարձեալ բժիշկ պիտի ուզէ ըլլալ: Գալով իմ ներդրումիս, պէտք է ըսեմ, թէ մեր ողջ ընտանիքը մաս կազմած է բժիշկին գործունէութեան: Քանի որ հայ ժողովուրդը շատ կորուստներ ունեցած է, ուստի հաւատացած եմ, որ հայ ընտանիքը պէտք է տոկուն ըլլայ, որպէսզի կանգուն մնայ ան: Երաժշտական կրթութիւն ունիմ եւ պէտք է ըսեմ, որ դժուար եղած է բժիշկի կին ըլլալը: Ես փորձած եմ նուազագոյնի իջեցնել անոր յաճախակի բացակայութիւնը զաւակներուս համար, եւ մայր ըլլալ, եւ տեղ մը փոխարինել իրեն: Մեծ ուշադրութիւն եմ դարձուցած անոնց դաստիարակութեան, մանաւանդ անոնց որպէս անձ կազմաւորման ընթացքին, տարած եմ համերգներու, ցուցահանդէսներու, որպէսզի հաղորդակից դառնան արուեստի աշխարհին:
Կ.Ք.- Որպէս այս գաղութի անդամ, հասարակական ինչ կազմակերպութեանց կ՛անդամակցիք:
Հ.Ա.- Բժիշկ Մ. Ապտուլեանը 1985 թուականին , շարք մը բժիշկներու համագործակցութեամբ, մասնակցած է Քալիֆորնիահայ Բժիշկներու Ընկերակցութեան հիմնադրման, եռանդուն գործունէութիւն ծաւալելով որպէս ատենապետ եւ հոգաբարձութեան անդամ: Այս կազմակերպութիւնը առ այսօր մեծ աշխատանք կը տանի նաեւ Հայաստանի մէջ: Բժիշկը օգնած է եկեղեցական աշխատանքներու, նաեւ դպրոցներու, ինչպէս օրինակ, Մերտինեան դպրոցին: Գալով ինծի, երաժշտական կրթութիւնս ծառայեցուցած եմ հայ դպրոցին, նաեւ Հայ Օգնութեան Միութեան անդամ եմ, ինչ որ պատիւ է ինձ համար, եւ այդ ճամբով նաեւ նպաստս կը բերեմ հայութեան: Ունինք երկու զաւակ, որոնք ընտրած են իրենց հօր դժուարին, սակայն պատուաբեր ասպարէզը:
Կ.Ք.- Մեր գաղութը ունի իրեն սպասարկող այլեւայլ մասնագէտներ: Որպէս հայ կին եւ մայր, ինչ ասպարէզներ պիտի մատնանշէիք եւ թելադրէիք հայ ծնողներուն, որ խրախուսեն իրենց զաւակները, որ անոնք իրենց ուսումը շարունակեն այդ մարզերուն մէջ:
Հ.Ա.- Ազգային գիտակցութեան մակարդակի բարձրացումը հայութեան կեանքի բարելաւում պիտի ապահովէ, ուստի փափաքս է, որ հայ երիտասարդները ընտրեն ուսուցչութեան ասպարէզը, մեր ազգին համար առաջնորդներ պատրաստեն, հոգեկան ծարաւով լեցուն, արդարամիտ, գիտակից, եւ մանաւանդ, համեստ: Կը փափաքիմ, որ անոնք դառնան հայութեան եւ Հայաստանի դեսպանները եւ իրենց յաջողութիւններէն բաժին հանեն իրենց ազգին: