ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
1.-Ինքնակենսագրութիւն
Ծնած եմ Պէյրութ, Լիբանան:
Նախնական ուսումս ստացած եմ Արմէն Ղարիպի Նոր Բարձրագոյն Վարժարանէն ներս:
Շրջանաւարտ եղած եմ ՀԲԸՄի Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարանէն, ուրկէ նաեւ ստացած եմ Լիբանանեան Բ. Պաքալորիաս:
1975ին բժշկութիւն ուսանելու համար մեկնած եմ Հայաստան 7 տարի:
1982ին անցած եմ Գանատա եւ բժշկական մասնագիտութիւնս ստացած Edmontonի համալսարանէն ներս եւ ապա 1990ին վկայուած մայրաքաղաք Օթաուայի բժշկութեան համալսարանէն՝ իբրեւ մասնագէտ՝ Physical Medicine & Rehabilitationի (Վերականգնողական Բժշկութիւն) ճիւղէն ներս:
Հայաստանի ահռելի երկրաշարժէն ետք, 1989ին, Միացեալ Նահանգներու Վերճինիա նահանգին Project Hope անուանի ծրագիրի աշխատանքի ծիրէն ներս կ՛իյնար երկրաշարժէն վերապրողներուն ֆիզիքական դրութեան հոգատար դառնալ:
Սոյն մարդասիրական մեծ ծրագրին ղեկավարն էր Թէքսաս նահանգէն հայազգի Ճօրճ Գէորգեան բժշկապետը, որուն աշխատանքային ծիրէն ներս կ՛իյնար Սպիտակի եւ յատկապէս Հայաստանի աւերակ գօտիէն ներս մարզել մասնագէտներ, միաժամանակ օգտակար հանդիսանալով ֆիզիքապէս հաշմանդամ հայորդիներուն վերականգնումի բուժումներուն:
Իբրեւ այս ճիւղէն ներս վկայեալ մասնագէտ, պատասխանատու զինք փոխարինող
տնօրէն նշանակուելէ յետոյ մեկնեցայ Հայաստան:
Հոն աւերակի գօտիէն ներս 52 հայ նոր վկայեալ բժիշկներու հետ ամբողջ տարի մը գործեցի, բուժելով հիւանդները եւ միաժամանակ մարզելով բժիշկները:
1992ին Միացեալ Նահանգներ անցնելով հաստատուեցայ Փասատինա, ուր քանի մը տարի գործելէ ետք հայ եւ օտար բժիշկներու հետ 1996ին հիմը դրի իմ անձնական գրասենակիս՝ բուժման կայանիս:
Ամուսնացած եմ ունիմ երեք զաւակներ՝ Մարք, Տանիէլ եւ Ալինա:
ՄԱՍՆԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ
2.- Ի՞նչպէս կարելի է բացատրել Physical Medicine & Rehabilitationխ
Այս ճիւղը սկսած է կամաց կամաց զարգանալ Համաշխարհային Ա. եւ Բ. ու մանաւանդ Քորէայի եւ Վիէթնամի պատերազմներէն ետք, երբ վիրաւոր հաշմանդամ զինուորներ տուն կը վերադառնային եւ խիստ կարիքը ունէին ֆիզիքապէս բուժուելու:
Բացի զինուորներէն, կային նաեւ զանազան արկածներու հետեւանքով վիրահատման ենթարկուող անհատներ՝ ոտք, ձեռք, մատներ, թեւ կորսնցնողներ եւայլն:
Ուրեմն, այս մարզէն ներս կ՛իյնային մկան, յօդ, «ներվ», ոսկրային համակարգի հիւանդութիւններու բժշկութեան որդեգրումը զանազան մարզանքներով եւ մարզաձեւերով:
Այս ճիւղէն ներս մասնագիտացած բժիշկին կ՛իյնայ ըլլալ համբերատար եւ հետեւողական:
Հիւանդը մէկ օրէն միւսը կանոնաւոր կերպով պիտի չկարենայ քալել կամ բնականոն ապրիլ: Ուստի զինք բուժող բժիշկը զանազան մարզաձեւերով եւ մանաւանդ ֆիզիքական վերականգնումի յատուկ միջոցներով կամաց կամաց պէտք է աշխատի մարդկային մարմինը իր նախկին ֆիզիքական իրավիճակին վերադարձնել:
Վարժութիւններ, զանազան ցաւազրկումի սրսկումներ, մկանային կամ ոսկրային տեսակաւոր ու այլազան մարզանքներ անպայմանօրէն օգտակար կը հանդիսանան այս գործընթացներուն:
3.- Ո՞վ է բժիշկը
Իբրեւ այս ճիւղէն ներս մասնագիտացած եւ տարիներու փորձառութիւն ձեռք ձգած բժիշկ կրնամ հաստատապէս ըսել, թէ որեւէ բուժման պարագային էական է, որ նախ բժիշկը իր հիւանդը լսէ: Ժամանակ տրամադրէ անոր: Մտիկ ընէ, լսէ հիւանդին բոլոր բողոքները: Տեղեկանայ անոր ցաւերուն աղբիւրներուն ու պատճառներուն մասին: Դարմանումի սկսելէ առաջ նախ մօտէն ծանօթանայ հիւանդին ներաշխարհին:
Ինծի համար այս բոլորին մէջ էկան է ամէն բանէ առաջ յստակօրէն լսել հիւանդն ու հասկնալ գրասենակա այցելութեան գլխաւոր պատճառը:
Կը կարծեմ, որ վերջ ի վերջոյ այս մեթոտով հիւանդը ինք բժիշկին իր բուժման ճամբան ցոյց պիտի տայ՝ իր մատնանշումներով:
Բժիշկը իբրեւ մարդոց կեանքը փրկող երդուեալ անհատ պարտաւոր է բաւարար ժամանակ տրամադրել, հիմնական ախտաճանաչման համար ու բուժման մասին մտածէ: Մանրամասնութիւններով զբաղուի:
Կարեւորը հիւանդը գոհունակ սրտով քննութեան գրասենաեակէն դուրս բերելն է:
Իմ կարծիքով արդէն հիւանդը իր մասին խօսած ատեն դրսեւորած կ՛ըլլայ նաեւ իր հիւանդութիւնը, ցաւը, անհանգստութիւնը եւ այլն:
Բժիշկին կ՛իյնայ այս ստացած բոլոր տուեալները իրարու մօտ բերելով ու հիմնուելով իր փորձառութեան վրա, տալ ճշգրիտ դարմանը կամ դեղը:
Նաեւ գրասենեակէն ներս գործող պաշտօնեաները՝ բուժքոյր, քարտուղարուհի, ստուգող եւ կամ խնամող, արիւն առնող կամ արեան ճմշում չափող, իրենց էական ազդեցութիւնը ունին հիւանդին վրայ: Բուժուելու դիմող անհատը պէտք է հանգիստ զգայ բժիշկին դարմանատան կամ գրասենեակէն ներս:
Այս բոլորին մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւէ նաեւ բժիշկին քննութեան գրասենակը կամ դարմանատունը: Այսպէս գրասենեակի ներքին տեսքէն աւելի արտաքինն ալ էական է: Երբ քննութեան վայրը կամ դարմանատունը կամ գրասենակը լուսաւոր է, դուրսէն արեւ կամ լոյս յստակօրէն ներս կը թափանցեն, այս մէկը արդէն ինքնին բուժողական յատկութիւններ ունի:
Նման կէտեր մեծապէս կ՛ազդեն հիւանդին հոգեկանին վրայ եւ ի տես այս «պայծառութեան» եւ կամ «լուսաւոր սենեակի դրութեան» հիւանդը ինքզինք աւելի հանգիստ ու ապահով կը զգայ:
4.- Ո՞վ է Յարութ Ռաֆֆի Պալեան հայը
Հպարտօրէն կրնամ ըսել, թէ կը կրեմ մեծ հօրս՝ հանրածանօթ Յարութիւն Պալեանի անունը:
Բազմազաւակ մեծ հայրս եղած է բնիկ Սիսեցի, որբանոցի տնօրէն, Արմաշցի վաստաւոր ուսուցիչ, որուն մասին շատ յաճախ լսած եմ մեր նախկին ազգային դէմքերէն:
Ըսի բազմազաւակ, որովհետեւ ունեցած եմ 5 հօրեղբայրներ եւ 3 հօրաքոյրեր, որոնք Լիբանանէն 1946ի առաջին իսկ կարաւանով ներգաղթած են հայրենիք:
Հայրս, ամէնէն անդրանիկ զաւակը Պալեան ընտանիքին 1948ին, Գիւմրիի կից Ախուրեան գետով կրցած է անցնիլ Թուրքիա: Հաւանաբար առաջին հազուագիւտ հայերէն մէկն էր, որ կրցած էր Սովետական կամ Խորհրդային Միութեան սահմաններէն ելլել դուրս ու կրկին հաստատուելով Լիբանան ընտանիք կազմել, միշտ հայրենասիրական ոգին վառ պահելով:
Հայրս, իր այս փախուստը որակած էր, իբրեւ «առանց վիզայի հայրենիքէն դուրս գալ»:
Այս մէկը ազգային վէպի մը համազօր նիւթ մըն է, որ մեծապէս ազդած է ոչ միայն իմ այլեւ հայրենքի կամ Լիբանանի մէջ բնակութիւն հաստատած մեր Պալեան գերդաստանի բոլոր անդամներուն վրայ,
Ըսեմ նաեւ, որ հօրեղբայրներէս մէկը եղած էր հանրայայտ շարականագէտ, եկեղեցագէտ, բանասէր Խորէն Պալեան՝ վաստակաւոր Լուսինէ Զաքարեանի ամուսինը:
Հայաստան ուսանողական տարիներուս վայելած եմ հօրեղբօրս եւ Լուսինէի մտերմութիւնն ու ջերմութիւնը ու այդ օրերէն արդէն հոգիս ու միտքս լեցուած էին հայրենի հարազատ երանգներով ու գոյներով:
Հօրեղբօրս Խորէնի, իր մտերիմնեուն, Վագահն Դաւթեանի, Պերճ Զէյթունցեանի եւ կամ Սիլվա Կապուտիկեանի յաճախակի այցելութիւններու ընթացքին արտասանած բաժակաճառերը ինծի համար հոգեկան վայելք ըլլալէ անդին կ՛անցնէին: Ես նման մթնոլորտի մէջ պատանեկան եւ դէպի երիտասարադութիւն վազող տարիներս անցուցած եմ եւ անոնցմով թրծուած:
Հայաստան, հայրենիք եւ հայ ժողովուրդ այս երրորդութիւնը օրօրած են համալսրանական ուսմանս եւ ապա սիրայօժար ծառայութեանս տարիները:
5.- Ո՞վ է բժիշկ Պալեան ազգային դէմքը
1973ին, տակաւին Պէյրութի ՅովակիմեանՄանուկեան երկրորդական վարժարանի բարձրագոյն կարգի ուսանող, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան անդամակցած եմ: Հայրենիքի մէջ ուսնողական տարիներուս, հեռու մնացի կուսակցական հարցերէն, որովհետեւ լաւապէս ըմբռնած էի, թէ կ՛ապրէի Խորհրդային Միութեան մէջ եւ մանաւանդ զաւակն էի անկէ խոյս տուող՝ յանդուգն Սարգիս Պալեանի:
Ներկայիս Միացեալ Նահանգներու մէջ ՌԱԿի Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանային վարչութեան փոխ Համա-ատենապետն եմ:
Ասոր վրայ տակաւին Հայ Իրաւանց Խորհուրդի ARCA ատենապետն եմ, ինչպէս նաեւ կուսակցութեան օրգան «Նոր Օր» շաբաթաթերթի վարչական կազմի պատասխանատու անդամ:
Իբրեւ հայ կուսակցական կը հաւատամ, որ մեր գաղութէն ներս ներդաշնակ համագործակցութիւնն է, որ միայն կրնայ մեզի մեր գերագոյն նպատակներուն հասցնել: Առանց խտրականութեան միասնաբար պէտք է դիմագրաւենք մեր գաղութը յուզող բոլոր հարցերը: Արդէն նման աշխատանքներ տարած ենք Ապրիլեան ձեռնարկներուն, ինչպէս նաեւ «փրոթոքոլ»ներու շրջանի տագնապի ընթացքին:
Մաս կը կազմեմ նաեւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ արեւմտեան թեմի առաջնորդարանի Fund Raising Committeeին՝ օժանդակելով Մայր Եկեղեցւոյ շինարարարութեան գործերուն, ծառայելով Հայ Եկեղեցւոյ:
Ըսեմ նաեւ, որ սերտ կապի մէջ եմ շրջանի հայ կուսակցական կամ ոչ-կուսակցական բոլոր ղեկավարներուն հետ: Կը հաւատամ նաեւ, որ ղեկավարներու իրարու հետ յաճախակի հանդիպումները մեծապէս կը նպաստեն զանազան ու բազմազան մեր հարցերու լուծման գործընթացին:
Իբրեւ հայ բժիշկ, ազգային գործիչ եւ վերջապէս հայրենի եւ կամ սփիւռքի հայութեան շահերով մտահոգ անհատ, փափաքս է, որ բոլորս ալ ըլլանք լայնախոհ ու ներողամտութեամբ եւ փոխադարձ յարգանքով մօտենանք մեզ յուզող ամէն տեսակի հարցերուն: