ՅԱԿՈԲ ՊԵՏԻԿԵԱՆ.- Տոքթ. Պաղտասարեան, կը խնդ-րեմ՝ ամփոփ գիծերու մէջ ներկացուցէք ձեր կենսագրականը:
ՏՈՔԹ. ՍԱՀԱԿ ՊԱՂՏԱՍԱՐԵԱՆ.- Ծնած եմ Պէյրութ, Լիբանան, 1937ին: Ուսումս ստացած եմ Համազգայինի Նշան Փալանճեան Ճեմարանին մէջ: 1955ին ընդունուած եմ Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանը, 1963ին ստացած եմ ակնաբուժութեան վկայականս: 1962ին ամուսնացած եմ Մարլէն Չաղլասեանի հետ, եւ բախտաւորուած երկու մանչ զաւակներով՝ Ալեքս եւ Հայկ, որոնք իրաւաբան են: Կնոջս մահէն ետք վերամուսնացած եմ Քաթի Լափփի հետ:
Ընտանիքիս երրորդ սերունդի ակնաբոյժն եմ: Մասնագիտացած եմ Johns Hopkins Universityի, ապա University of California, San Franciscoի մէջ՝ æղային-ակնաբուժական (Neuro-opthalmology) եւ ախտաճանաչումի (pathology) ճիւղերուն մէջ:
Վերադառնալով Լիբանան, դասաւանդած եմ Պէյրութի Ամերիկեան հիւանդանցին մէջ (AUB) 1969-1975: 1975ի Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի օրերուն փոխադրուած եմ Շիքակօ, ապա Լոս Անճելըս:
1984էն ի վեր հաստատուած եմ Կլենտէյլ, եւ սեփական դարմանատանս մէջ կը զբաղիմ ակնաբուժութեամբ, օգնական ունենալով տոքթ. Րիչըրտ Հրաչ Հաւունճեանը:
ՅԱԿՈԲ ՊԵՏԻԿԵԱՆ.- Հասարակական կեանքի մէջ բաւական դերակատար եղած էք: Ուրկէ ծագած է ձեր հետաքրքրութիւնը այդ ուղղութեամբ:
ՏՈՔԹ. ՍԱՀԱԿ ՊԱՂՏԱՍԱՐԵԱՆ.- Երիտասարդ տարիքէս անցած եմ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան շարքերը՝ Դրոյի կնքահայրութեամբ: Գործօն մասնակցութիւն բերած եմ ի մասնաւորի ԱՄՆ Արեւելեան եւ Արեւմտեան շրջաններու Հայ Դատի աշխատանքներուն մէջ, ստանձնելով Արեւմտեան շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետի պատասխանատութիւնը 1988-1994:
Իմ կարծիքով ԱՄՆ մէջ մեր հիմնական առաքելութիւնը պէտք է ըլլայ Հայ Դատի գործունէութիւնը: Անհրաժեշտ է որ հայ գաղութը ամէն կերպով մասնակից ըլլայ ամերիկեան քաղաքական կեանքին, բոլոր մակարդակներու վրայ՝ ԱՄՆի Հանրապետական եւ Դեմոկրատական կուսակցութեանց կազմերէն ներս՝ մօտէն հետեւելով երկրին քաղաքական կեանքին:
ՅԱԿՈԲ ՊԵՏԻԿԵԱՆ.- Ի՞նչ ունիք ըսելիք հայ երիտասարդութեան, յատկապէս անոնց՝ որոնք հետաքրքրուած են բժշկութեամբ:
ՏՈՔԹ. ՍԱՀԱԿ ՊԱՂՏԱՍԱՐԵԱՆ.- Բժշկութիւն ուսանիլը վեհ մասնագիտութիւն է: Փափաքողներուն կը թելադրեմ օգնել բոլոր անոնց, որոնք կարիքը կը զգան այդ օգնութեան՝ անկախ նիւթական ակնկալութիւններէ: Իմ փորձառութեամբ ակնաբուժութիւնը հաճելի եւ օգտաւէտ մասնագիտութիւն է եւ կը յանձնարարեմ, որ ապագայի բժիշկները աշխատին բարելաւել զայն նորանոր գիտելիքներով: