Ապրելակերպի փոփոխութեան կապակցութեամբ՝ փոխուած են մարդիկ եւ անոնց գիտակցութիւնը, հետեւաբար փոխուած են հիւանդութիւնները եւ անոնց բուժման մեթոտները։ Բուժման որեւէ մեթոտէ օգտուելու պարագային, շատ կարեւոր է, որ անձը վստահ ըլլայ, որ ընտրած մեթոտը կ՛օգնէ իրեն եւ կ՛ապահովէ բուժման յաջողութիւնը։ Ոչ աւանդական մեթոտներէն են՝ սննդաբուժումը՝ dietotherapy, խոտաբուժումը՝ phytotherapy, բուրաբուժումը՝ aromatotherapy, մարսումը՝ massage, ասեղնաբուժումը՝ acupuncture եւ այլ արեւելեան հնագոյն բժշկութեան մեթոտները։
Ի՞նչ է ֆիթոթերափին.
Ան բուժում է բոյսերու օգնութեամբ։ Մարդկութիւնը հազարաւոր բոյսերէն դարերու ընթացքին ընտրած է դեղաբոյսեր, ապա այդ գիտութիւնը փոխանցած է սերունդէ սերունդ։ Միայն Հիփոքրատը նկարագրած է մօտ 250 դեղաբոյս։ Համաշխարհային տուեալներով, ներկայիս յայտնի դեղերուն 40 առ հարիւրը ունի բուսական ծագում, իսկ սրտային դեղերու պարագային՝ մինչեւ 90 առ հարիւր։ Որպէս բնական միջոցներ՝ բոյսերէն ստացուած դեղամիջոցները օրկանիզմի մէջ անցանկալի երեւոյթներ հազիւ թէ յառաջ բերեն։ Դեղաբոյսերով բուժուելու նպատակով բոյսերը անհրաժեշտ է հաւաքել մաքուր վայրերէն, ճանապարհներէն հեռու։ Ամէն դեղաբոյս ունի իր հաւաքելու ժամանակը, ծաղկելէ առաջ կամ ծաղկած վիճակով։ Արմատները կը հաւաքուին ուշ աշնան, կը չորցուին լաւապէս լուալէ ետք։ Ըստ թիպեթեան բժշկութեան, բնութեան մէջ գտնուող բոլոր բոյսերն ալ պիտանի են, անհրաժեշտ է գտնել զանոնք, ճանչնալ եւ ճիշդ օգտագործել։ Բուսաբուժումը յատկապէս խորհուրդ կը տրուի ձգձգուող հիւանդութիւններու համար։ Սակայն նկատի պէտք է ունենալ, որ միեւնոյն բոյսը երկար օգտագործելով՝ մարմինը կը վարժուի անոր եւ բոյսը այլեւս բաւարար եւ օգտակար ազդեցութիւն չ՛ունենար։ Դեղաբոյսերը կ՛օգտագործուին փոշիի, թուրմի, թէյի, քսուկի ձեւով. կարեւորը անոնց ճիշդ չափերով պատրաստելն է, կամ լաւագոյն պարագային, կարելի է օգտուիլ անոնց պատրաստի դեղահատերէն։ Ստորեւ կը ջանանք նկարագրել յաճախ հանդիպող եւ ծանօթ դեղաբոյսեր, որոնց դեղահատերը կարելի է գտնել դեղատուներու, իսկ բուժման մանրամասնութիւնները՝ համապատասխան գիրքերու մէջ։
Ալոէ (Aloe).- Զայն կ՛անուանեն տնային դեղարան։ Ալոէն սենեկային բոյսերէ ամենալայն բուժական յատկութիւններով օժտուածն է։ Կը պարունակէ 20 առ հարիւր եթերաիւղեր, 18 տեսակի ամինօթթուներ, խեժանման նիւթեր, միքրօ եւ մաքրօ էլեմաններ։ Ըստ բոյսի տարիքին, կը փոխուին անոր բուժական յատկութիւնները։ Օգտակար են երկու տարեկանէն վեր բոյսի տերեւները եւ կ՛օգտագործուի կեղեւներու միջեւ գտնուող դոնդողը, իսկ կոշտ շերտը կարելի չէ օգտագործել։ Ալոէն չեն կրնար օգտագործել յղի կիները, արեան գերճնշում ունեցողները։ Պէտք չէ օգտագործուի նաեւ աղիքային արիւնահոսութեան եւ երիկամունքի հիւանդութիւններու ժամանակ։
– Այրուածքներու, մակերեսային խոցերու եւ արեւահարութիւններու պարագային, դանակով կիսել եւ դնել վնասուած մասերուն, կը մեղմացնէ ցաւը եւ կ՛արագացնէ բուժումը։
– Ճառագայթային հիւանդութիւններէ ետք, քաղցկեղային հիւանդութիւններու ժամանակ 100 կրամ ալոէն, 500 կրամ ընկոյզ եւ 300 կրամ մեղր, պարբերաբար խառնելով՝ պահել մութ եւ զով տեղ։ Օգտագործել մէկ թէյի դգալ՝ օրը երեք անգամ, ուտելէ կէս ժամ առաջ։
– Աւիթամինոզներու, դիմադրողականութիւնը բարձրացնելու համար, օրական 3 անգամ ընդունիլ հետեւեալ խառնուրդը. մսաղացէ անցընել կէս քիլօ ալոէ եւ ընկոյզ, խառնել 1.5 գաւաթ մեղրի հետ, ընդունիլ մէկ ճաշի դգալ՝ ճաշէն ետք։ Ցաւոտ դաշտանի ժամանակ մէկ թէյի դգալ ալոէի հիւթը խառնել դանակի ծայրով սեւ պղպեղի հետ, խմել օրական 2 անգամ, 3 օրէն ոչ աւելի։
– Հարբուխի ժամանակ ալոէի թարմ հիւթը 1/10 յարաբերականութեամբ խառնել ջուրով, կաթեցնել 2-3 անգամ քիթին մէջ։
– Մորթի թարախային բորբոքումներու ժամանակ հաւասարապէս խառնել թարմ հիւթը եւ ձէթ, շղարշը թաթխել անոր մէջ, դնել բորբոքած մորթին վրայ եւ ձգել ամբողջ գիշերը։
Անանուխ (Mint).- Անոր վայրի տեսակը կը կոչուի դաղձ։ Կ՛օգտագործուին բոյսի տերեւները, որոնք կը հաւաքուին ծաղկման շրջանին։ Ան հարուստ է եթերաիւղերով, որոնց քանակը ծաղիկներուն մէջ կը կազմէ 4-6, իսկ տերեւներուն մէջ 2-3 առ հարիւր։ Իր պարունակած 40 առ հարիւր եթերաիւղերու շնորհիւ կը հանդարտեցնէ աղիքներու կծկումները, կը հանգստացնէ սրտխառնուքը, ունի մարսողութիւնը լաւացնող եւ լեղամուղ յատկութիւն։ Կ՛օգտագործուին չոր եւ թարմ համեմունքներու ձեւով՝ ճաշերու եւ աղցաններու պատրաստութեան ժամանակ։ Անանուխի ծաղիկը եւ տերեւները լայն կիրարկութիւն ունին նաեւ թէյի ձեւով։ Բժշկութեան մէջ դաղձը կ՛օգտագործուի ամբողջութեամբ՝ ծաղիկը, տերեւները եւ արմատը։
Ուրց, ծոթրին (Thym).- Հարուստ է եթերաիւղերով եւ ֆլաւոնիտներով, ունի սուր, բայց հաճելի բոյր։ Բուժման նպատակով կ՛օգտագործուի անոր վերգետնեայ մասը, կը հաւաքուի ծաղկման շրջանին։ Ուրցը, չոր վիճակով, իր յատկութիւնները կը պահպանէ մինչեւ 3 տարի։ Դեռ հին ժամանակներէ զայն կ՛օգտագործէին ձգձգուող չոր հազի, թոքերու բորբոքումներու պարագաներուն։ Ուրցը ունի ստամոքս-աղիքային աշխատանքը բարելաւող, հականեխիչ, աղիքներու կծկումը հանգստացնող, կազամուղ արեան ճնշումը իջեցնող յատկութիւն։ Չոր ուրցը աւելցնել եռացող ջուրին, քառորդ ժամ վերջ օգտագործել ջրաթուրմի ձեւով։ Չոր ուրցով կը համեմեն միսերը եւ աղցանները։
Կատուախոտ (Valeriane).- Բուժական նպատակով կ՛օգտագործուի անոր կոճղարմատը, որ կը հաւաքուի վաղ գարնան կամ ուշ աշնան։ Ժողովրդային բժշկութեան մէջ ան կ՛օգտագործուի որպէս ջիղերը հանգստացնող, մարսողութիւնը լաւացնող, քունը կարգաւորող, սրտի արագ զարկերը վերացնող միջոց։ Ուղեղի արեան շրջանառութեան խանգարման եւ սրտային հիւանդութիւններու ատեն, պառկելէն առաջ 2-3 անգամ ներշնչել անոր ալքոլային լուծոյթը։ Լայն կիրարկութիւն ունին անոր դեղահատերը, որոնք կարելի է ձեռք բերել դեղարաններու մէջ, valerian կամ normocalm անունով։ Ծխախոտի մոլուցքէ ազատուելու համար, օգտագործել valerian-ի դեղահատերը։
Հազրեվարդ, խնկունի (Rosemary).- Մշտադալար, բազմամեայ բոյս է։ Հարուստ է եթերաիւղերով, ունի հակակծկողական (antispasmodic) հանգստացնող ազդեցութիւն, կը հանդարտեցնէ հազը, կը խթանէ լեղապարկի աշխատանքը։ Կարելի է զայն գործածել ինչպէս թուրմերու, այնպէս ալ դեղահատերու ձեւով։
Երիցուկ, պապունիճ (Cammomil).- Միամեայ բոյս է, բժշկութեան մէջ կ՛օգտագործուին անոր ծաղիկները եւ տերեւները։ Օգտակար է հաստ աղիքի, ստամոքսի բորբոքումներու, աղիքային կազերու ժամանակ։ Ունի մանրէասպան յատկութիւն, կ՛օգտագործուի ողողումներու եւ լուացումներու ձեւով՝ բորբոքումներու պարագաներուն։
Նիւենի, տենդածառ (Eucalyptus).- Սուր, երկար եւ բուրումնաւէտ այս ծառին տերեւները հարուստ ըլլալով եթերաիւղերով՝ ունին խորխաբեր, հականեխիչ յատկութիւն։
Նարդոս (Lavander).- Բազմամեայ բոյս է, զոր պէտք է հաւաքել ծաղկման շրջանին։ Պարունակած եթերաիւղերը անոր կու տան իւրայատուկ մեղմ բոյր, որ կ՛օգնէ հանդարտեցնելու ջղային համակարգը։ Ունի նաեւ մանրէասպան յատկութիւն։
Սամիթ (Dill).- Միամեայ խոտաբոյս է, որ կը պարունակէ եթերաիւղեր։ Բժշկութեան մէջ կ՛օգտագործուին արմատները, տերեւները եւ սերմերը։ Ան օգտակար է մարսողական խանգարումներու, անքնութեան, տարբեր ծագումի խիթերու բուժման համար, ունի նաեւ ստամոքս-աղիքային պրկումը հեռացնող միզամուղ յատկութիւն։ Կ՛օգտագործուի որպէս թարմ ու չոր համեմունք՝ ճաշերու եւ աղցաններու մէջ։ Կը բարձրացնէ կաթնարտադրութիւնը։
Աղտոր (Sumac).- Բազմամեայ թուփ է, լուսասէր, հողի եւ ջուրի նկատմամբ ոչ պահանջկոտ։ Անոր տերեւները կը պարունակեն 25-35 առ հարիւր տապաղանիւթեր, որոնցմէ 15 առ հարիւրը թանինն է։ Բժշկութեան մէջ կ՛օգտագործուի աղտորի՝ սումախի տերեւները եւ պտուղը՝ բուժելու համար սրտխառնոցը, փորքշուքը, միզամանի եւ լինտերու բորբոքումները։ Աղտորի տերեւներու մզուածքը՝ թրջոցներու ձեւով օգտակար է սննդախանգար խոցերու ու քոսի պարագային։
***
Արաբ բժիշկները սոխը որակած են իբրեւ «քունի իշխան»։
Արաբական բժշկութեան մէջ սոխը կը նկատուի բուժիչ, հականեխիչ եւ հանդարտեցուցիչ բանջարեղէն, որ մարմինը զերծ կը պահէ քաղցկեղի որոշ տեսակներէ։
Սոխը հարուստ է քլորով, ֆոսֆորով, Ա. եւ Պէ. կենսանիւթերով եւ իր մէջ շատ քիչ քանակութեամբ իւղ կը պարունակէ։
Սոխը շատ օգտակար է շաքարախտէ տառապող հիւանդներուն, որոնց խորհուրդ կը տրուի օրական մէկ փոքր սոխ ուտել։
Սոխը կը սպաննէ աղիքներուն եւ բերնին մանրէները, ինչպէս նաեւ կը պահպանէ լինտերուն առողջութիւնը։
Սոխը արիւնը մաքրող միջոց մըն է, ինչպէս նաեւ կը նկատուի յոգնած ջիղերը զօրացնող եւ կազդուրող միջոց մը։
Սոխը յիշողութիւնը աշխուժացնող ուտելիք մըն է, որ յատկապէս համեղ է աղցաններու մէջ։ Ան կը կանոնաւորէ մարսողութիւնը, իսկ սոխի յաճախակի օգտագործումը կը կանխարգիլէ սրտանօթային հի-ւանդութիւնները։
Հերաթափութեան պարագային, սոխին հիւթը շատ օգտակար է։ Եթէ սոխը չկեղուըւած մէկ ժամ առաջ զայն սառնարանին մէջ պահէք, ապա կեղուելու ընթացքին ձեր աչքերը չեն արցունքոտիր։
Սոխն ու սխտորը լաւ կը պահուին սառած վիճակի մէջ, օրինակ՝ ձմրան՝ պատշգամը։
Սոխը տապկելէ առաջ զայն թաթխել ալիւրի մէջ, որպէսզի ան չայրի, այլ դառնայ ոսկեգոյն։
Սոխը շատ օգտակար է հարբուխի ժամանակ։ Պէտք է սոխը մանրել եւ զայն շնչել ռունգերով։ Սոխի հիւթը լաւ խորխահան միջոց է։
Հազի պարագային, սոխը մանրել եւ լեցնել ամանի մը մէջ, վրան ցանել սովորական շաքար եւ զայն որոշ ժամանակ մը ձգել։ Ապա ստացուած հիւթը խմել օրը 4 կամ 5 անգամ։
Ստամոքսի, աղիքի, լեարդի եւ երիկամներու հիւանդութիւններուն պարագային, սոխը յանձնարարելի չէ։ Իսկ ձեռքերէն սոխի հոտը չէզոքացնելու համար, ձեռքերը կարելի է շփել կիտրոնով։
Վերջապէս, սոխը կ՛օգտագործուի նաեւ պղնձեայ իրերը մաքրելու համար։
Գիտէ՞ք, թէ…
Երազի մէջ սոխ ուտելը շուտ ապաքինում կը նշանակէ, իսկ տեսնելն ու չուտելը՝ ուշ։
Ինչ կը վերաբերի կանաչ սոխին, երազին մէջ զայն ուտելը հարստութիւն եւ շահ է։