«Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Վրաստանի եզերապահները Յուլիս 29ին գրաւած են ուքրանական «Աքքորտ» բեռնատար նաւը, պատճառաբանելով, որ նաւը Յունիս 2010ին ապօրինի կերպով մուտք գործած է Աբխազիոյ ջրային տարածքը։ Նաւը բեռնաւորուած է դէպի Հայաստան փոխադրուող ցորենով։ Բեռնատար նաւը առաջնորդուած է Փոթիի նաւահանգիստ։ Հարցը յառաջիկայ օրերուն պիտի քննուի դատարանին կողմէ։ Մեղադրանքը հաստատուելու պարագային, նաւը պիտի գրաւուի եւ աճուրդով վաճառուի, կամ նաւուն սեփականատիրոջ նկատմամբ տուգանք պիտի սահմանուի։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.