ՍԱՔՍՈՆԻԱ, (Գերմանիա).- 58ամեայ հայազգի Սլաւիկ Կ. Գերմանիոյ մէջ, անձնասպանութիւն գործած է՝ ինքզինք կախելով: Սլաւիկ արարքը գործադրած է Ներքին Սաքսոնիոյ արտաքսման ենթակայ անձերու համար նախատեսուած կեդրոնին մէջ: Շրջանի իշխանութիւնները այժմ կը քննարկեն Սլաւիկի կնոջ արտաքսման հարցը: Ըստ գերմանական մամուլին՝ անոր տղան երկրին մէջ օրինական վիճակով կը բնակի եւ ստացած է մշտական բնակութեան իրաւունք:
Գերմանիոյ Ներքին գործոց նախարարութիւնը (ՆԳՆ) չի համարեր, որ իշխանութիւններն են մեղաւորը Սլաւիկի անձնասպանութեան համար: Իսկ ընդդիմադիր «կանաչներու» կուսակցութեան ներկայացուցիչները բազմաթիւ անգամներ քննադատած են մարդիկ այդպիսի կեդրոններու մէջ պահելու արարքը, նաեւ՝ անոր համար, որ մտադիր էին ամէն գնով երկրէն արտաքսել Սլաւիկ Կ.ն: «Անոր փաստաթուղթերուն մէջ թերութիւններ գտնուած են», կը գրէ Hannoversche Allgemeine Zeitung թերթը, ապա կ՛աւելցնէ ըսելով. «Սլաւիկ Կ.ի փաստաթուղթերուն մէջ անճշտութիւններ կ՛ային. պարզ չէր թէ ան Հայաստանէն եկած է, թէ Ատրպէյճանէն: Սակայն նախօրէին Գերմանիոյ ՆԳՆէն յայտնած են, որ հայկական կողմը հաստատած է Սլաւիկ Կ.ի Հայաստանի քաղաքացի ըլլալը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.