ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թրքական թերթերը Հինգշաբթի, Յուլիս 29էն ի վեր կը հաղորդեն, թէ Վանի Աղթամարի եկեղեցիի արարողութեան նախօրեակին Վանի համալսարանին մէջ համերգ մը ներկայացնելու հրաւիրուած է նշանաւոր հայ դաշնակահար Շահան Արծրունի։ Արծրունի համերգի ընթացքին կտորներ պիտի նուագէ թուրք եւ հայ երաժիշտներէ։ Արծրունիի համերգին պիտի երգէ նաեւ Գէորգ Դաւիթեան եւ պիտի նուագէ ջութակահար Սէվիլ Ուլուճան։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.