ՀԱԼԷՊ.- Հովանաւորութեամբ Սուրիոյ փոխվարչապետ Ապտալլա Ալ Թարթարիի, Յուլիս 17ին, Հալէպի մէջ տեղի ունեցաւ Հայ-սուրիական գործարար խորհուրդի համաժողովը:
Համաժողովի աշխատանքներուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Հալէպի նահանգապետ Ալի Ահմատ Մանսուրա, Սուրիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Արշակ Փոլատեան, Հալէպի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Աշոտ Մանուկեան, Սուրիոյ արեւելեան նահանգներուն մէջ Հայաստանի հիւպատոս Սուրէն Վարդանեան եւ աւելի քան 200 սուրիահայ եւ արաբ գործարարներ:
Համաժողովի ընթացքին ելոյթ ունեցան Հալէպի նահանգապետ Ալի Ահմատ Մանսուրա, Հայաստանի դեսպան Արշակ Փոլատեան, Հայ-սուրիական գործարար խորհուրդի սուրիական կողմի համանախագահ Լեւոն Զեքի եւ շարք մը այլ գործարարներ:
Անոնք ընդգծեցին, որ առեւտրա-տնտեսական համագործակցութեան մակարդակը կը զիջի քաղաքական, մշակութային եւ այլ մարզերու մէջ վերջին շրջանին զարգացում ապրող հայ-սուրիական յարաբերութիւններուն, եւ կոչ ուղղեցին կարճ ժամանակաշրջանի մէջ այդ բացը լրացնելու եւ տնտեսական համագործակցութիւնը զարգացնելու, միացեալ ներդրումային ծրագիրներ մշակելու եւ ընկերութիւններ հիմնելու, ինչպէս նաեւ առեւտուրը ընդլայնելու համար միջոցներ գտնելու:
Դեսպան Փոլատեան անդրադարձաւ առեւտրա-տնտեսական համագործակցութիւնը խթանելու նպատակով ձեւաւորուած իրաւապայմանագրային ամուր դաշտի ներկայութեան, հայ-թրքական յարաբերութիւններուն եւ երկկողմանի համագործակցութիւնը խոչնդոտող այլ պատճառներուն՝ համաժողովի մասնակիցներուն ուշադրութիւնը հրաւիրելով ծովային ճանապարհներու՝ Լաթաքիա-Փոթի, կամ Պաթումի օգտագործման վրայ:
Համաժողովի ընթացքին կարծիքներ փոխանակուեցան նաեւ Հայաստանի մաքսային օրէնսդրութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ սուրիական արտադրութեան մաքսային աւելի բարենպաստ պայմաններու տրամադրման հնարաւորութեան մասին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.