ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պրրիի ներկայացուցիչները Երեքշաբթի, Յուլիս 27ին, այցելեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարան, հանդիպում ունենալու համար Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին նաեւ Պրրիի քաղաքական գրասենեակի պատասխանատուները:
Հանդիպման ընթացքին, հայրապետը իրազեկ դարձաւ երկրի քաղաքական կացութեան մանրամասնութիւններուն, յատկապէս հարաւային Լիբանանի իրավիճակին ու ապահովական նոր զարգացումներուն մասին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.