
ՍԱՆԹԱ ՄՈՆԻՔԱ, Քալիֆորնիա.- Թաքսիի հայ վարորդները արշաւի մը սկսած են Սանթա Մոնիքայի մէջ, բողոքելու համար քաղաքին մէջ գործող հայկական ընկերութիւնները դուրս մղող քաղաքապետական խորհուրդին քայլերուն դէմ:
Արդարեւ, քաղաքապետական խորհուրդը վերջերս յատուկ մարմին մը կազմած էր՝ որոշելու համար, թէ թաքսիի ո՞ր ընկերութիւնները իրաւունք ունին աշխատելու քաղաքին սահմաններէն ներս: Հակառակ այն իրողութեան, որ այս նպատակով դիմումներ կատարած 13 ընկերութիւններէն վեցը հայերու կը պատկանի, ընտրուած հինգ ընկերութիւններէն ոչ մէկը հայկական է. իրողութիւն մը, որ յստակօրէն խտրականութեան հետեւանք կը նկատուի հայկական ընկերութեանց պատասխանատուներուն կողմէ:
Անոնք նաեւ կը յայտնեն, թէ քաղաքապետական խորհուրդին կողմէ իսկ սահմանուած պայմաններուն համաձայն, հայկական ընկերութիւնները աւելի մեծ հաւանականութիւն ունին ընտրուելու, քան ներկայիս ընտրուած ոչ հայկական ընկերութիւնները:
Հայկական ընկերութիւնները աւելի փորձառու են, աւելի լաւ համակարգչային սարքաւորումներով օժտուած են ու նիւթապէս աւելի կայուն են, քան ընտրուած ընկերութիւնները, կը պնդեն հայ գործատէրերը:
Այս նպատակով, արդէն իսկ Յունիս 22ին ցոյց մը կազմակերպուած էր քաղաքապետական խորհուրդին շէնքին առջեւ, ու յաւելեալ քայլերու նախաձեռնուած են:
Սանթա Մոնիքայի քաղաքապետական խորհուրդը որոշած է Սեպտեմբերին քննել այս հարցը: Եթէ որոշումը անփոփոխ մնայ, ապա մօտաւորապէս 250 վարորդներ աշխատանքի կարելիութիւններ պիտի կորսնցնեն: