
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կլենտէյլի միացեալ կրթաշրջանը կը տեղեկացնէ, թէ Լա Քրեսենթայի «Քլարք» երկրորդական վարժարանի ուսուցիչներէն Էտիթ Խաչատրեան, Միացեալ Նահանգներու կրթական նախարար Առնի Տանքընի կողմէ ընտրուած է 2010-2011 տարեշրջանի «Ուսուցչական դեսպան»ներէն մէկը, «որոնք պիտի նպաստեն կրթական նախարարութեան աշխատանքներուն եւ նահանգային ու համայնքային մակարդակներու վրայ իրականացուելիք բարեկարգումներուն:
Միացեալ Նահանգներու տարածքէն 15 ուսուցիչներ ընտրուած են այս պատուաբեր դիրքին եւ անոնցմէ միայն հինգը, ներառեալ՝ Էտիթ Խաչատրեան, իրենց աշխատանքը պիտի տանին մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ գտնուող կրթական նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ: Անոնք պիտի ըլլան նախարարութեան լիաժամ պաշտօնեաներ:
«Անոնք (ուսուցչական դեսպանները) պիտի ըլլան ուսուցիչներու ձայնը կրթական նախարարութենէն ներս եւ երկրին ուսուցիչներուն, աշակերտներուն եւ անոնց ծնողներուն իսկական դեսպանները պիտի ըլլան նախարարութեան մօտ», յայտնած է նախարար Տանքըն:
Ուսուցիչներուն ձայնը լսելի դարձնելու միտող այս իւրայատուկ ծրագիրը գործադրութեան դրուած էր երեք տարի առաջ: