ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ զինուորական բարձրագոյն խորհուրդի հերթական ժողովը Կիրակի, Օգոստոս 1ին բացուեցաւ՝ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի նախագահութեան ներքեւ: Խորհուրդը պիտի քննէ 134 զօրավարներու, ծովակալներու ու այլ բարձրաստիճան զինուորականներու աստիճանի բարձրացման կամ անոնց հանգստեան կոչուելու հարցերը. հետաքրքրական է, որ այդ զինուորականներուն մէջ կան «Լախտի հարուած» ծրագիրով ամբաստանուածներ:
Նիստին ներկայ գտնուեցան սպայակոյտի նախագահ զօր. Իլքեր Պաշպուղ, պաշտպանութեան նախարար Վեճտի Կէօնիւլ, բանակային ուժերու հրամանատարները, առաջին զօրաբանակի հրամանատար զօր. Հասան Ըղսըզ, որուն անունը օրակարգի եկած էր «Քաոսի ծրագիր»ի տակ ստորագրած ըլլալու ամբաստանութեամբ, նաեւ «Էրկենեքոն»ի ամբաստանեալներէն՝ երրորդ զօրաբանակի հրամանատար զօր. Սալտըրայ Պերք, եւ այլ զինուորականներ, որոնք թէ՛ ժողովական էին եւ թէ ամբաստանեալ:
Որոշումները Օգոստոս 4ին պիտի փոխանցուին նախագահ Ապտուլլահ Կիւլին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.