
ԵՐԵՒԱՆ.- ՀամաՀՄԸՄական 9րդ բանակումի մասնակիցները Երկուշաբթի, 2 Օգոստոս 2010ի յետմիջօրէին այցելեցին Մայր աթոռ Ս. Էջմիածին, ուր սակայն բախտը չունեցան հիւրընկալուելու Կաթողիկոսական տեղակալին կողմէ, հակառակ նախապէս ապահովուած ժամադրութեան։ 560 մասնակիցներուն անունով Ամենայն հայոց կաթողիկոսին յատկացուած յուշանուէրը, ՀՄԸՄի կեդրոնական վարչութեան կողմէ անպաշտօն կերպով յանձնուեցաւ վեհարանի մուտքին գտնուող աբեղային։
Ապա, մասնակիցները ուղղուեցան Սարդարապատ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան գոյութեան պատճառ եղող կեդրոն։ Անոնք տողանցեցին դէպի համալիր ուղղուող ճամբուն վրայ, ապա միահամուռ կերպով երգեցին «Սարդարապատ»ը եւ «Յառաջ նահատակ» քայլերգը։ Բանակումի մասնակիցները առիթը ունեցան այցելելու Սարդարապատի թանգարանը, ուր տեղադրուած են հերոսամարտին առնչուող զանազան իրեր ու փաստեր։
«Երբ չի մնում ելք ու ճար»ի վճռակամութեամբ, մասնակիցները վերադարձան իրենց բանակավայրը, առաւել գօտեպնդուած իրենց ազգային ինքնութեամբ եւ զօրացած՝ պայքարի կամքով։