Դ. ՄԱՍ
1.- «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամ
ՀՕՄի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչը կը մասնակցի Հայաստան համահայկական հիմնադրամի հոգաբարձութիւններու խորհուրդի ժողովներուն, որոնք տեղի կ՛ունենան Հայաստանի մէջ:
ՀՕՄը իր բոլոր միաւորներով, ըլլայ հայրենիքի թէ Սփիւռքի մէջ, խոր գիտակցութեամբ նեցուկ կը կանգնի հիմնադրամի միջոցով իրագործուելիք բոլոր ծրագիրներուն, որոնք կ՛առնչուին Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի զոյգ հանրապետութիւններուն հետ:
1995-1996 տարիներուն, ՀՕՄուհիները խանդավառութեամբ մասնակցեցան Գորիս-Ստեփանակերտ մայրուղիին շինութեան նուիրուած թելեթոններուն:
2.- Ախուրեանի «Մօր եւ Մանկան» Առողջութեան Կեդրոն
ՀՕՄի Ախուրեանի «Մօր եւ Մանկան» առողջութեան կեդրոնը հիմնուած է 19 Մայիս 1997ին, ՀՕՄի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան շրջանի նախաձեռնութեամբ: Յաջորդ տարի, կեդրոնական վարչութիւնը ստանձնած է անոր խնամակալութիւնը:
1997ին բացուած օրէն մինչեւ Մայիս 2001, նորածինէն մինչեւ 14 տարեկան 23,172 մանուկներ եւ պատանի-պատանուհիներ օգտուած են դարմանատան մատուցած առողջապահական ծրագիրներէն, իսկ 16,826 երեխաներ զանազան տեսակի պատուաստներ (immunization) ստացած են:
1999էն սկսեալ ՀՕՄի «Մօր եւ Մանկան» առողջութեան կեդրոնը, իր հսկողութեան տակ առաւ 1000է աւելի կիներու առողջական վիճակը, որու շնորհիւ զգալիօրէն բարելաւուեցաւ անոնց առողջութիւնը եւ նուազեցաւ վիժումներու թիւը:
Ախուրեանի «Մօր եւ Մանկան» կեդրոնին կից ծննդատուն-մայրանոց մըն ալ հաստատելու գաղափարը ճամբայ ելաւ եւ Շիրակի մարզպետարանի քաջալերանքով ու աջակցութեամբ 2005ին իրականացաւ, որու մասին պիտի անդրադառնանք յաջորդ տասնամեակին:
3.- ՀՕՄի «Սօսէ»
Մանկապարտէզներ Արցախի Մէջ
Արցախի մէջ ՀՕՄը մանկապարտէզներու ծրագիրը սկսած է 1998ին, երբ ազատագրուած պատերազմէն ետք, արցախցի երեխաները յաւելեալ կարիք ունէին մանկապարտէզներու:
Քաջասիրտ հերոսուհի Սօսէ Մայրիկի անունով կը կնքուի ՀՕՄի առաջին մանկապարտէզը Ստեփանակերտի մէջ, զոհուած ազատամարտիկներու երեխաներուն համար, որ իրենք եւ իրենց մայրերը քաջ եւ անվախ ըլլան:
Այս տասնամեակին, հինգ ՀՕՄի «Սօսէ» մանկապարտէզներ կը գործեն Արցախի մէջ, հովանաւորութեամբ՝ ՀՕՄի չորս միաւորներուն եւ պրն. Արմէն Թօփուզեանի:
1. Ստեփանակերտի մէջ՝ «Սօսէ» մանկապարտէզը
2. Ասկերանի շրջանի՝ Այգեստան գիւղին մէջ
3. Հադրութի շրջանի՝ Մեծ Թաղեր գիւղին մէջ
4. Մարտունիի շրջանի՝ Ավդուռ գիւղին մէջ
5. Մարտունիի շրջանի՝ Հաղորդի գիւղին մէջ
3-7 տարեկան ուրախ մանկութիւն ունենալու միջավայրը կը ստեղծուի:
Այսպիսով 252 կարիքաւոր մանուկներու եւ 45 որբեւայրի եւ չքաւոր երիտասարդ մայրերու գործ կը հայթայթուի:
4.- Մանկատուներու Միօրեայ
Ճաշի Ծրագիր- «ՀՕՄի Օր»
90ական թուականներուն, Հայաստանի մէջ գոյութիւն ունէին 51 մանկատուներ եւ 10,000է աւելի որբ կամ անտէր մանուկներ:
Հինգ մանկատուներ՝ ուր կը բնակէին 533 խուլ, համր, հաշմանդամ եւ այլ որբեր, շաբաթական մէկ օրուայ ճաշի դրութեամբ կը սնուցանուէին: Այս ծրագրին հովանաւորողներն էին ՀՕՄի Յունաստանի, Ֆրանսայի, Գանատայի եւ Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանները: Անգլիոյ եւ Կիպրոսի մեկուսի մասնաճիւղերն ալ զօրավիգ կը կանգնէին «ՀՕՄի Օր»ուան ճաշի ծրագրին:
5.- Հերոսուհի Սօսէ Մայրիկի Աճիւններուն Փոխադրութիւնը
28 Մայիս 1998ին, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Անկախութեան 80րդ տարեդարձին, հռչակաւոր ֆետայի Սերոբ Աղբիւրի (Վարդանեան) կողակիցին՝ Սօսէ Մայրիկին (մահացած 1953ին) աճիւնները, ՀՕՄի կեդրոնական վարչութեան նախաձեռնութեամբ եւ Հայաստանի ու Եգիպտոսի իշխանութիւններուն գործակցութեամբ, հանդիսաւորապէս կը փոխադրուի Աղեքսանդրիոյ Շահպիի գորեզմանատունէն Երեւանի Եռաբլուրը՝ մարտիրոսացած ազատամարտիկներու գերեզմանատունը:
Սօսէ Մայրիկին Աճիւնները, խոշոր ոսկեփայլ տուփի մը մէջ, խաչերով զարդարուած եւ եռագոյն դրօշով ծածկուած, ՀՕՄի Երեւանի գրասենեակէն Հայկական բանակի զրահապատ կառքով կը փոխադրուի Եռաբլուր, ուր հերոսուհիին հոգւոյն համար հոգեհանգստեան պաշտօն կը կատարուի: Բազմաթիւ բարձրաստիճան հիւրերէն եւ զանազան երկիրներէ ժամանած 300 ՀՕՄուհիներէն զատ, ներկայ էր նաեւ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Վազգէն Սարգսեանը:
Յարգելի ընթերցող, 7 Դեկտեմբեր 1988ին, «Գնդակ Որոտաց» ո՛չ թէ Տալւորիկի ձորերէն, այլ Շիրակի դաշտերուն յատակներէն եւ 1991ին՝ Ղարաբաղի լեռներու գագաթներէն: Օգնութեան չէր կրնար հասնիլ «կենսատու ընկեր» Անդրանիկ փաշան, բայց ամբողջ հայութիւնը, մէկ մարդու նման ոտքի կանգնեցաւ օժանդակութիւն հասցնելու Մայր Հայրենիքին եւ անոր հարազատ զաւակ՝ Լեռնային Ղարաբաղին:
ՀՕՄի 9րդ տասնամեակի բարեսիրական գործունէութեան 90 առ հարիւրն ալ կեդրոնացաւ օգնութիւն հասցնելու աւերուած Հայրենիքին եւ արիւնաքամ Արցախին, իսկ լաւագոյն օժանդակութիւնը մենք կը կարծենք յոյս ներշնչելն էր հայրենի ժողովուրդին, որ իրենք մինակ չեն, գթառատ քոյր-եղբայրներ ունին, որ փոթորիկէն ետք ծիածանը չուշանար: