ԵՐԵՒԱՆ, «Ռատիօլուր».- Հոգեբան Կարինէ Նալչաջեան եւ ընկերաբան Հայկ Սահակեան Օգոստոս 2ին վերլուծած են Ազգային վիճակագրական ծառայութեան կողմէ վերջերս հրապարակուած թիւերը, որոնք կը վերաբերին ինքնասպանութեան դէպքերուն:
Այս տարուան առաջին վեց ամիսներուն ընթացքին, Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած է ինքնասպանութեան եւ ինքնասպանութեան փորձի 317 դէպք: Նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին համեմատ, արձանագրուած է 25.8 տոկոսի աճ, որ մտահոգիչ փաստ է: Հետարքրքական է նաեւ այն, որ ըստ հոգեբան Կարինէ Նալչաջեանի, յաճախ ինքնասպան կ՛ըլլան անոնք, որոնք շատ կը սիրեն կեանքը:
Համաշխարհային վիճակագրական տուեալներուն համաձայն, ինքնասպան կ՛ըլլան մինչեւ 25 տարեկան մարդիկ, մինչդեռ Հայաստանի մէջ, ըստ հոգեբանին, իրողութիւնը հակառակն է: «Մեզ մօտ աւելի մեծահասակներն են դիմում այդ քայլին: Սա աւելի շատ համադրւում է մէկ այլ տուեալի հետ, մօտաւորապէս 46 տոկոսից աւելին ինքնասպանութեան դիմում են գործազուրկները, յաջորդ տեղում՝ կենսաթոշակառուներն են»:
Ըստ ընկերաբան Հայկ Սահակեանի, ինքնասպանութիւնն ու ինքնասպանութեան փորձը կը դիտուի իբրեւ ընկերաբանական երեւոյթ: «Ի սկզբանէ մարդը սոցիալական (ընկերային) էակ է, եւ սոցիալական բացակայութիւնը, միգուցէ թուլացումը, կարող է բերել ինքնասպանութեան: Տեսութիւնը ցոյց է տալիս, որ ինտեգրուածութիւնը մարդու սոցիալական միջավայրում ինչքա՛ն մեծ է, այնքա՛ն թոյլ է ինքնասպանութեան հաւանականութիւնը, եւ հակառակը», նշած է Հ. Սահակեան:
Հասարակութեան 80 տոկոսը՝ կեանքի տարբեր փուլերու մէջ, կը մտածէ ինքնասպան ըլլալու մասին. ընդունուած կարծիք է, թէ նման քայլի կը դիմեն հոգեկան շեղումներ ունեցող մարդիկ: Սակայն նաեւ հոգեբանները պարզած են, թէ ինքնասպանութեան ու ինքնասպանութեան փորձ կատարողներուն 25 տոկոսը միայն կը տառապին հոգեկան խանգարումներէ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.