ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը Երկուշաբթի, Օգոստոս 9ին կը տեղեկացնէ, թէ ասորիները եւս թուրքերու կողմէ իրենց դէմ գործուած ցեղասպանութեան յուշարձանին բացումը կատարած են Աւստրալիոյ մէջ։
Ըստ թերթին, օգտուելով Սիտնիի քաղաքապետութեան հետ իրենց սերտ յարաբերութիւններէն, ասորիները արտօնագիր ստացած էին Սիտնիի մէջ յուշարձան մը կառուցելու, որմէ ետք տեղւոյն թուրք բնակչութիւնը բողոքներ ներկայացուցած էր, կասեցնելու համար ծրագրին իրականացումը:
Սակայն, ասորիները յաջողած են իրականացնել արձանին բացումը։ Յուշարձանը պատրաստուեցած է ասորի արուեստագէտ Լուիս Պակրոսի կողմէ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.