Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Ուրբաթ, 6 Օգոստոս 2010ը պատմական թուական մը եղաւ Միացեալ Նահանգներու պատմութեան մէջ. ամերիկեան պետութեան մէկ ներկայացուցիչը, առաջին անգամ ըլլալով, ներկայ եղաւ այն յուշահանդէսին, որ ճափոնցիք կազմակերպած էին Հիրոշիմայի վրայ արձակուած պատմութեան առաջին հիւլէական ռումբին զոհերուն յիշատակին։
Ճափոնցիք նախընթաց 44 տարիներուն, ամէն Օգոստոսի 6ին, կը յիշատակէին ահաւոր սպանդին զոհերուն յիշատակը։ Այս տարի, նախագահ Օպամայի վարչակազմին հաշւոյն արձանագրուեցաւ դրական կէտ մը՝ ամերիկացի դիւանագէտի մը ներկայութեան շնորհիւ։
Միացեալ Նահանգներու դեսպանին կողքին, յիշատակի արարողութեան, նոյնպէս առաջին անգամ ըլլալով, ներկայ եղան Բ. Աշխարհամարտի օրերուն Միացեալ Նահանգներու կարգ մը դաշնակիցներու դեսպանները, սակայն ամերիկեան պետութեան մէկ ներկայացուցիչին մասնակցութիւնը՝ Հիրոշիմայի զոհերուն յուշահանդէսին, իւրայատուկ կարեւորութիւն ունի։ Սա կը նշանակէ, թէ Ուաշինկթըն ի վերջոյ հրապարակաւ, աշխարհի աչքերուն առջեւ կ՛ընդունի թէ ոճրային արարքներ էին Հիրոշիմայի ու Նակազաքիի վրայ արձակուած ռումբները, որոնց զոհ գացին ու հետեւանքները կրեցին միլիոնաւոր անմեղ քաղաքայիններ։ Խորհրդանշական այս արարքը կ՛արձանագրուի տասնամեակներու ուշացումով։ Հայկական առածը կ՛ըսէ.- «Ուշ լինի, նուշ լինի»։ Անգլերէն տարբերակը կ՛ըսէ.- «Աւելի լաւ է ուշ, քան երբեք»։
Դրական այս զարգացումը, ողջունելի ըլլալով հանդերձ, ինքնանպատակ պէտք չէ ըլլայ, բաւարար չէ։ Այսօ՛ր ալ ամերիկեան ու զինակից ուժերու յարձակումները բազմահազար անմեղներու կեանքերը կը հնձեն աշխարհի տաք ռազմադաշտերուն մէջ, Իրաքէն մինչեւ Աֆղանիստան ու Փաքիստան։ Զուգահեռ մրցակցութիւններու զոհերուն թիւը՝ Սոմալիի, Սուտանի, Լիբանանի կամ այլ տագնապահար երկիրներու մէջ, կը բազմապատկեն անմեղ զոհերուն թիւը։ Ճիշդ է, հիւլէական ռումբ չի գործածուիր, սակայն զոհերուն համար շատ ալ կարեւոր չէ, թէ սուրո՞վ, նիզակո՞վ թէ օդանաւէ արձակուող հրթիռով կը սպաննուին։
Նոյն կամքով ու նոյն տրամաբանութեամբ, անհրաժեշտ է կասեցնել նաեւ ա՛յս սպանդները։
Տակաւին, պէտք է հաշուետուութիւն պարտադրել սպանդներու եւ ցեղասպանական արարքներու միւս հեղինակներուն։ Վերջին շրջանին, վերստին բացուած է թղթածրարը Քամպոտիոյ Կարմիր Խմերներու իշխանութեան գործած սպանդներուն։ Չեն մոռցուած ափրիկեան ցամաքամասին վրայ վերջին տասնամեակներու բազում սպանդները։ Իսկ հրեաներու ողջակիզումը կը շարունակէ «ողողել» աշխարհի բեմերը։
Չէ մոռցուած, մանաւանդ, ու չի կրնար մոռցուիլ Հայկական Ցեղասպանութիւնն ու անոր հեղինակը՝ Թուրքիոյ պետութիւնը։ Հայկական Ցեղասպանութիւնը իր անունով կոչելը, մեր նահատակներուն յիշատակին գլուխ խոնարհեցնելը կարեւոր բաներ են, սակայն անբաւարար են։ Ամբողջական հատուցումը, մանաւանդ հողային պարտքի հատուցումը միակ միջոցն է բաց վէրքին բուժման սկզբնաւորումին, հոգ չէ թէ տասնամեակներու ուշացումով…
6 Օգոստոս 2010