ՊՈԼԻՍ.- Կիրակի, Օգոստոս 8ին, Պէյքօզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ աւանդական մատաղօրհնէքի օրուան առիթով եւ խումբ մը հայեր մագլցեցան Պէյքօզի զառիվերը, երթալու համար արուարձանային եկեղին։
Հանդիսութեան նախագահեց պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեան, իսկ պատարագեց տեղւոյն Պարգեւ քհնյ. Նալպանտեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան «Գողթան» երգչախումբի անդամներուն կողմէ, խմբավարութեամբ Յովսէփ Գույումճեանի ու երգեհոնի ընկերակցութեամբ Կարպիս Գըլըճեանի։ Պատարագի ընթացքին քարոզեց Արամ Սրբազան Հայրը, որ ընդգծեց հաւատալու զօրութեան հրաշագործ կարելիութիւնները։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.