ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- ՀՀ մշակոյթի նախարարութիւնը, Երեւանի մնջախաղի պետական թատրոնը, Ազգային թատերական ստեղծագործական միաւորումը, Հայաստանի թատերական գործիչներու միութիւնը եւ Ծաղկաձորի քաղաքապետարանը միասնաբար կը ներկայացնեն Մնջախաղի թատրոններու միջազգային փառատօնը (INTERNATIONAL MIME FESTIVAL Dedicated to Leonid Yengibaryan՛s 75th Anniversary), որ կ՛իրականանայ 2010 Օգոստոս 10-15ի ընթացքին՝ Ծաղկաձորի մէջ:
Փառատօնի նպատակն է միջազգային թատերական եւ մշակութային կազմակերպութիւններու հետ համագործակցութիւն, անդամակցութիւնը համաշխարհային թատերական գործընթացներուն, ինչպէս նաեւ միջազգային ասպարէզի մէջ մնջախաղի լաւագոյն փորձը հայ եւ արտերկրի հանդիսատեսին հասանելի դարձնելը: Փառատօնը նաեւ միտում ունի խթանել Հայաստանի զբօսաշրջութիւնը եւ ստեղծել մշակութային տօնական աւանդոյթներ:
Սոյն արուեստի երկրպագուները հնարաւորութիւն կ՛ունենան «ժեսթ»ի համընդհանուր լեզուով դիտելու 15 ներկայացումներ ու մանրապատումներ: Փառատօնի հանդիսաւոր բացումը տեղի ունեցաւ Ծաղկաձորի քաղաքային հրապարակին վրայ, Օգոստոս 10ի երեկոյեան:
Փառատօնին մասնակցութեան դիմում ներկայացուցած են մնջախաղի «ժանր»ին պատկանող թատրոններ ԱՄՆէն, Ռուսիայէն, Վրաստանէն, Ֆրանսայէն եւ Չեխիայէն։ Փառատօնին պիտի մասնակցին նաեւ Հայաստանի մէջ գործող մնջախաղի թատրոններ եւ մնջախաղի «ժանր»ին պատկանող ներկայացումներով այլ թատերախումբեր։ Ամէն երեկոյ պիտի կազմակերպուին նաեւ թատերական վարպետութեան դասեր եւ քննարկումներ, որ հնարաւորութիւն պիտի տայ անմիջական յարաբերութիւն ստեղծել հանդիսատեսի եւ թատերախումբերու միջեւ:
Հետաքրքրուողները կրնան այցելել փառատօնի պաշտօնական կայքէջ՝ www.pantomimefest.com:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.