ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Արեւելեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ անցեալ շաբթուան ընթացքին յանձնախումբը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը հանդիպում մը ունեցած է Նիւ Եորքէն քոնկրեսական Սթիւ Իզրայէլի հետ, քննելով հայութիւնը մտահոգող շարք մը հարցեր:
Հանդիպումը դրական համարելով, քոնկրեսականը յայրտնած է. «Առիթ մըն էր խորհրդակցելու շարք մը կարեւոր հարցերու շուրջ, ներառեալ՝ Հայաստանի տրամադրուլիք օժանդակութիւնը, Մարտակերտի վրայ Յունիս 18ին տեղի ունեցած Ատրպէյճանի յարձակումը եւ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը ապահովելու աշխատանքը: Այս կարեւոր եւ բարդ հարցերուն շուրջ պատուիրակութենէն ստացած ներդրումները յոյժ կարեւոր են ինծի համար»:
Քոնկրեսականը, որ արդէն իսկ նեցուկ կը կանգնի Հայկական Ցեղսպանութեամն բանաձեւին,
խոստացաւ յատուկ կարեւորութիւն ընծայել ամերիկահայութիւնը յուզող հարցերուն:
Քոնկրեսական Էտըմ Շիֆի կողմէ Մարտ 2009ին ներկայացուած թիւ 252 բանաձեւը ներկայիս 145 հովանաւորներ ունի Ներկայացուցիչներու տան մէջ:
Բանաձեւը 22ի դէմ 23 քուէներով վաւերացուեցաւ Մարտ 4ին, Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբին կողմէ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.