ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Քալիֆորնիոյ բանտերու մէջ արգելափակուած անձերու ներման դիմումները քննարկող յանձնաժողովը, անցեալ Հինգշաբթի օր, դարձեալ մերժած է հաստատել Լոս Անճելըսի թուրք հիւպատոս Քեմալ Արիքանի սպանութեամբ մեղադրուած Համբիկ Սասունեանի ներման դիմումը:
Սասունեան 28 տարիէ ի վեր բանտարկուած կը մնայ Քալիֆորնիոյ բանտերուն մէջ:
Քննարկման ընթացքին Սասունեանի կողմէ հանդէս եկած է իրաւաբան Մարք Կիրակոս: Քննարկման ներկայ եղած է նաեւ Քալիֆորնիոյ գերագոյն ատեանի նախկին գլխաւոր դատաւոր Արման Արապեան: Սասունեանի ներման դիմումի քննարկման նիստին մասնակցած է նաեւ Ամերիկայի մէջ գործող թրքական կազմակերպութիւններու միացեալ մարմնի ներկայացուցիչը, որ նաեւ յայտարարութիւն մը յանձնած է ներման յանձնաժողովին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.